2016-10-29 10:15:00

Սուրիացիներուն աւելի քան 35 առ հարիւրը չափազանց աղքատութեան սահմանէն վար կը գտնուի:


2015 թուականին Սուրիոյ մէջ կատարուած ուսումնասիրութեան մը արդիւնքէն պարզուեցաւ, որ երկրին մէջ անգործութեան տոկոսը բարձրացած է 53 առ հարիւրի, իսկ անգործներուն թիւը կը կազմէ աւելի քան 2,923 միլիոն:

Ըստ սուրիացի հետազօտողներ Նեպիլ Մարզուքի եւ Զաքի Մահշիի կատարած ուսումնասիրութեան, մեծապէս նուազած է թիւը այն շրջաններուն, որոնք աշխատանքի առիթ կ՛ապահովեն` 65 առ հարիւրէն (նախքան պատերազմը) 12 առ հարիւրի, իսկ այն շրջանները, որոնց մէջ գործ ապահովելու առիթներ չկան, նախքան պատերազմը զերօ առ հարիւր էին, իսկ ներկայիս այդ տոկոսը բարձրացած է 24 առ հարիւրի:

Ուսումնասիրութիւնը բացայայտեց նաեւ, որ անօրէն աշխատանք տանողներուն տոկոսը հասած է 17 առ հարիւրի, որոնց մօտաւորապէս կէսը մաքսանենգութեան, շանթաժի եւ թմրեցուցիչներու, զինամթերքի ու քարիւղի անօրինական զտումի վաճառականութեամբ կը զբաղի:

Պատերազմական վերջին 5 տարիներուն ընթացքին` մինչեւ 2015 թուական, Սուրիոյ տնտեսութիւնը աւելի քան 255 միլիառ տոլարի վնաս արձանագրած է: Այս գումարը 2010 թուականի տեղական արտադրանքին ապահոված շահոյթին եռապատիկն է:

Միջին հաշուով աղքատութեան տոկոսը 85,2 առ հարիւր եղաւ, իսկ բնակչութեան 35 առ հարիւրը չափազանց աղքատութեան սահմանէն ալ վար կը գտնուի:

Ըստ տուեալներուն, անկազմակերպ աշխատողներուն տոկոսը 2010 թուականին 65,6 առ հարիւր կը կազմէր, այդ տոկոսը Հալէպի` Սուրիոյ տնտեսութեան մայրաքաղաքին մէջ բարձրացաւ 76 առ հարիւրի, իսկ Դամասկոսի մէջ արձանագրեց 60 առ հարիւր:








All the contents on this site are copyrighted ©.