2016-10-29 10:48:00

''Շատ ուրախ եմ, որ երկուշաբթի հանրապետութեան նախագահ պիտի ընտրուի'' Ռայի Պատրիարք:


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը նախանցեալ երեկոյեան Կաթողիկէ լրատուամիջոցներու կեդրոնին կազմակերպած տարեկան ընթրիքին ընթացքին շեշտեց Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի նախաձեռնութեան անհրաժեշտութիւնը` նկատել տալով, որ այդ նախաձեռնութեան շնորհիւ է, որ փրկուած է Լիբանանի Հանրապետութիւնը:

«Շատ ուրախ եմ, որ երկուշաբթի հանրապետութեան նախագահ պիտի ընտրուի, եւ կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր լրատուամիջոցներուն զօրակցելու նորընտիր նախագահին եւ նոր կազմուելիք կառավարութեան», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը յոյս յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը կարելի դառնայ ամէնէն արագ միջոցին` շեշտելով, որ իրենք կը քաջալերեն, որ երկրին պետական հաստատութիւնները աշխուժանան, եւ կարելի ըլլայ լիբանանցիներուն կարիքները լաւագոյնս հոգալ:

Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ իշխանութեան նոր փուլը հեզասահութեամբ եւ յաջողութեամբ կարելի ըլլայ սկսիլ:








All the contents on this site are copyrighted ©.