2016-10-28 10:08:00

Պոլսոյ հայոց Պատրիարքութեան Հոգեւոր խորհուրդը նոր պատրիարք ընտրելու որոշում կայացուց։


Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26ին, Պոլսոյ պատրիարքարանի դահլիճին մէջ կայացաւ Հոգեւոր խորհուրդի ժողովը, քննելու համար նոր պատրիարքի ընտրութեան հարցը: Աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը տեղեկացուց, թէ բաւարար նկատուած է Մեսրոպ արք. Մութաֆեան պատրիարքի «անգործութեան ու բացակայութեան» ժամանակաշրջանը եւ որոշուած է հանգստեան կոչուած նկատել սրբազանը («Պատրիարքի հանգստեան»)։ Այլ խօսքով, այս մէկը կը նշանակէ, որ եկեղեցին վերջ կու տայ Մեսրոպ սրբազան պատրիարքի պաշտօնին ու ճամբայ կը բանայ նոր պատրիարքի մը ընտրութեան։ Ժողովականները միաձայնութեամբ տուած են այս որոշումը։

Այժմ, դիմում պիտի կատարուի պատկան իշխանութիւններուն, որպէսզի արտօնուի պատրիարքական ընտրութիւն կատարելը։

«Այսօրուան պայմաններուն մէջ դժուար է ենթադրել, որ պատկան իշխանութիւնները անմիջապէս կ՛ընդառաջե՞ն մեր դիմումին ու ընտրութեան արտօնութիւն կու տան, թէ ոչ. բայց պատրիարքական ընտրութիւնը այլեւս հրամայական հարց է մեզի համար, եւ ութ, ինը տարուան ուշացումէ ետք՝ այլեւս չի կրնար հանդուրժել նոր ուշացումներու», կը գրէ «Մարմարա»։








All the contents on this site are copyrighted ©.