2016-10-28 10:11:00

ՈՒՆԻՍԵՖ Իրաքի մէջ 3,5 միլիոն երեխաներ միջոց չունին դպրոց յաճախելու։


(Ռատիօ Վատիկան)  ՄԱԿի ՈՒՆԻՍԵՖ բաժանմունքը 25 հոկտեմբերին յայտարարութիւն մը կատարած է, որուն տուեալներուն համաձայն Իրաքի մէջ 4,7 միլիոն երեխաներ ենթակայ են ողբերգական իրադարձութիւններուն։3,5 միլիոն երեխաներ միջոց չունին դպրոց յաճախելու եւ կէս միլիոն երեխաներ տակաւին կը գտնուին Մոսուլ քաղաքին մէջ։ ՈՒՆԻՍԵՖի յայտարարութիւնը կու տայ այլ տեղեկութիւններ երեխաներու ողբերգական վիճակի շուրջ, յիշելով քանի մը երեխաներու ճակատագրի սրտառուչ մանրամասնութիւնները։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.