2016-10-27 11:33:00

Ֆրանչիսկոս Պապին գործունէութիւնը. Հանդիպում ''Սանթա Մարթա''-ի անուան խումբին հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 27 հոկտեմբեր 2016-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Իսրայէլի նորանշանակ դեսպան` Տիար Կրէն Տաւիտ, հաւատարմագրերու ներկայացումին առթիւ որմէ ետք յաջորդաբար ընդունեց Փորթ օֆ Սբէյն-ի թեմի արքեպիսկոպոս գերապայծառ Ժոզէֆ Էվերարդ Հարրիս եւ Հարաւային Սուտանի Ժուպա քաղաքի Արքեպիսկոպոս գերապայծառ Բաուլինօ Լուքուտու Լորօ` ընկերակցութեամբ Սուտանի Եպիսկոպոսական Եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոս` Հայր Տանիէլ Տէնկ Պուլ Եաքի եւ հարաւային Սուտանի Երիցական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ` Հայր Փիթեր Կայ Լուալ Մորրոյի։

Յայտնենք թէ վերոնշեալ եպիսկոպոսները, Սրբազան Քահանայապետին հետ ունեցած հանդիպումէն ետք, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի մէջ հանդիպում ունեցան նաեւ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի լրագրողներուն հետ։

Ժամը 11,15-ին Նորին Սրբութիւնը Քոնչիսթորօ սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց ''Սանթա Մարթա-ի'' անուան խումբի 100 անդամներուն ապա Քլեմենթինա սրահին մէջ ընդունեց` ամուսնութեան ու ընտանիքի ուսումնասիրութեան` Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան քահանայապետական ակադեմիայի անդամները։

Սանթա Մարթայի խումբի անդամներուն հետ հանդիպումի ընթացքին ներկաներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց անոնց` մարդավաճառութեան  դէմ ու մարդավաճառութեան զոհերու նեցուկ կանգնելու գծով գումարած հաւաքին, հաստատելով թէ   մարդավաճառութեան երեւոյթը կը կազմէ ժամանակակից աշխարհի ամենամեծ մարտահրաւէրներէն մին։ 

Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց թէ վերոնշեալ խումբին մաս կը կազմեն եկեղեցական ու քաղաքացիական աշխարհի իշխանութիւններ որոնք կը սատարեն հակազդելու ստրկութեան նորանոր ձեւերուն, որոնց թիրախներն են յաճախ մարդիկ ու կիներ ինչպէս նաեւ անչափահասներ­­, շահագործուած աղքատութեան ու մեկուսացումի բերումով։ 

Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց թէ այս ուղղութեամբ հարկաւոր է համաձայնուած, անարդիւնաւէտ ու հետեւողական յանձնառում, ըլլայ կանխարգիլելու համար սոյն ստրկութեան երեւոյթը, ըլլայ այդ մարդավաճառութեան զոհ անձերուն թիկունք կանգնելու համար­, որոնց թիւը, ըստ միջազգային կազմակերպութիւններուն, տարիէ տարի աճ կ՛արձանագրէ եւ որոնք զրկուած են արժանապատուութենէ, մարմնական ու հոգեբանական միասնութենէ ինչպէս նաեւ շատ անգամ նոյնիսկ կեանքէ։

Սիրելի եղբայրներ­, ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ճառին աւարտին, ձեզ կը քաջալերեմ շարունակելու ձեր այս յանձնառու գործը։ Աստուած պիտի գիտնայ ձեզ վարձատրել բոլոր այն բաներուն զոր կատարեցիք ընկերութեան փոքրիկներուն։ Ան արդարեւ ըսաւ.''Անօթի էի... ծարաւի էի... ու դուք ինծի օգնեցիք։ Այսօր Ան կարող է ըսել. ''հարստահարուած էի, ստրկացած ու շահագործումի ենթարկուած էի ու դուք հասաք իմ օգնութեանս''։

''Կը շարունակեմ ձեզի ընկերանալ աղօթքով ու մօտիկութեամբ, դուք ալ բարեհաճեցէք աղօթել ինծի համար'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով իր խօսքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.