2016-10-27 10:21:00

Հալէպի առաջնորդներ Իպրահիմ եւ Եազիժի ողջ են:


Սուրիոյ Մար Եագուպ վանքի մեծաւոր, Քոյր Ագնես Մարիամ Սալիպ յայտնեց, որ 2013-ին առեւանգուած սուրիացի առաջնորդները ողջ են` աւելցնելով, որ անոնք ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ առեւանգուած են եւ արգելափակուած Ռաքքայի բանտին մէջ:

Մոսկուայի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին մայրապետ Ագնես յայտնեց, որ յոյն ուղղափառ համայնքի Անտիոքի պատրիարքութիւնը ստացած է տեղեկութիւններ, թէ եպիսկոպոսներ Եուհաննա Իպրահիմ` Հալէպի ասորի ուղղափառ համայնքի առաջնորդ եւ Պուլոս Եազիժի` Հալէպի յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ, կը գտնուին Ռաքքայի մէջ:

Քոյր Ագնես յայտնեց, որ եկեղեցին կը շարունակէ աղօթել` յուսալով, որ անոնք ազատ արձակուին, նախքան Ռաքքայի վրայ վճռորոշ յարձակումին սկիզբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.