2016-10-27 10:35:00

Էրտողան եզիտիները քրիստոնեայ անուանած Է:


 Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Թուրքիա գտնուող եզիտիները «սխալ խաղերու» մէջ ներգրաւուած են:

Ան զանոնք զգուշացուցած է` կոչ ուղղելով Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) հետ չհամագործակցելու:

«Եզիտինե՛ր: Տեսէ՛ք, յանկարծ ահաբեկիչներու հետ համագործակցութեան մէջ չմտնէ՛ք: Մենք բացինք մեր դռները ձեր առջեւ: Չըսինք` «քրիստոնեայ է», խտրականութիւն չդրսեւորեցինք, բացինք մեր դուռը: Սակայն այս պահուս դուք սխալ խաղերու մէջ կը մտնէք: Այս սխալ խաղերը ձեզի օգուտ պիտի չբերեն, այս ամէնը ձեզի վնաս պիտի պատճառէ, ասիկա այստեղէն կ՛ըսեմ», յայտարարած է Էրտողան:

Թուրքիոյ նախագահին այս յայտարարութիւններէն ետք «Ճումհուրիյէթ»-ի թուրք լրագրող Թայֆուն Աթայ` անդրադառնալով Էրտողանի արտասանած խօսքին, գրած է. «Յարգելի՛ նախագահ, եզիտիները քրիստոնեայ չեն: Եզիտիականութիւնը զրադաշտականութիւն կը ներառէ եւ ատոր կողքին իսլամութենէն, քրիստոնէութենէն, մանիքէականութենէն եւ այլ հին կրօններէն ազդեցութիւն կրած հաւատամք է»:








All the contents on this site are copyrighted ©.