2016-10-27 10:10:00

«Ռուսիան ու Սուրիան պատրաստ են Հալէպի մէջ մարդասիրական զինադադարը վերականգնելու»


Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ պատրաստ է Հալէպի մէջ դարձեալ մարդասիրական զինադադար հաստատելու, եթէ միջազգային կազմակերպութիւններէն երաշխիքներ ստանայ Հալէպէն վիրաւորներու դուրս բերման վերաբերեալ:

Ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Իկոր Քոնաշենքով յայտնած է, որ ռուսական եւ սուրիական օդուժերը անցեալ ութ օրերուն ընթացքին օդային հարուածները կասեցուցած են:

«Ռուսիան ու սուրիական կառավարութիւնը պատրաստ են Հալէպի մէջ մարդասիրական զինադադարը վերականգնելու, եթէ միջազգային կազմակերպութիւններէն երաշխիքներ ստանան հիւանդներու եւ վիրաւորներու դուրս բերման վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ զինեալներուն վերահսկողութեան տակ գտնուող քաղաքային բնակչութեան դուրս բերման վերաբերեալ», ըսաւ Քոնաշենքով:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը յայտնեց, որ մարդասիրական վեց միջանցքներ եւ անմիջական դարմանումի կեդրոններ բացուած են` ընդունելու համար արեւելեան Հալէպէն հեռացող քաղաքայինները, եւ անոնք բաց են 24 ժամուան վրայ:

Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ Հաշտութեան ռուսական կեդրոնը աւելի քան 10 թոն մարդասիրական օժանդակութիւն փոխանցած է Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ թաղամասին:

Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երկուշաբթի օր յայտարարած էր, որ Հալէպի մէջ մարդասիրական զինադադարը վերջ գտած է, եւ Մոսկուա ներկայիս չի քննարկեր անոր վերականգնումին հարցը:








All the contents on this site are copyrighted ©.