2016-10-27 12:20:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ճառը Յովհաննէս Պօղոս Բ հաստատութեան անդամներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետական Հաստատութեան ուսումնական տարւոյն բացման առիթով,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, հինգշաբթի, 27 հոկտեմբերին, առաւօտեան, Վատիկանի Քլեմինթինա անուան դահլիճին մէջ ընդունեց հաստատութեան՝   աւելի քան 400 անդամներ։

Այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ Սրբազան Հայրը նկատած է, թէ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ., այս հաստատութեան հիմնադրութեամբ մեծ ծառայութիւն մը մատուցած է ընկերութեան, նպատակ ունենալով պահպանել ընտանիքի կառոյցը եւ ամուսնութեան սրբութիւնը, որոնք աստուածատուր հաստատութիւններ են։ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Հաստատութեան աշխատանքը գնահատելի արդիւնք տուած է աշխարհի չորս կողմը, եւ տակաւին կը գործէ մեծ այժմէականութեամբ։ Ներկայի անհատապաշտական եւ նարկիզական մթնոլորտի մէջ, ամուսնական կեանքը եւ ընտանիքը կ՝անցնին դժուարին պայմաններէ եւ սպառնալիքներէ։ Սրբազան Պապը ընդլայնելով այս հարցը, դիտել տուաւ ներկայ ժամանակներու դժուարութիւնները եւ յորդորեց եւ քաջալերեց ներկաները, որ հակառակ բոլոր խոչընդոտներուն եւ մշակութային ու ընկերային խոտոր գաղափարախօսութիւններուն, իրենց կարելին ընեն շարունակելու Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի թողած աւանդը։ Ան կրկին շեշտեց ընտանիքի եւ ամուսնութեան հաստատութեան վրայ, որուն համար Եկեղեցին ունի պատասխանատու առաքելութիւն մը՝ ցոլացնելով Աստուածային սէրը եւ Եկեղեցի-Աստուած յարաբերութիւնը, ինչպէս կը յիշէ Պօղոս Առաքեալ Եփեսացիներուն ուղղած նամակին մէջ (Եփես Ե. 32)։
Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ նաեւ «ընտանիքի» շուրջ կատարուած եպիսկոպոսներուն սիւնհոդոսին, որուն աւարտին Սրբազան Հայրը իր յորդորագրին մէջ ներկայացուցած էր Եկեղեցւոյ ուսուցումը եւ դիրքը ընտանիքի եւ ամսունութեան նկատմամբ։
Իր խօսքի աւարտին, Սրբազան Քահանայապետը յիշեցուց, թէ յիշեալ հարցերու նկատմամբ՝ Եկեղեցին կը շարունակէ իր պատասխանատու գործունեայ առաքելութիւնը՝ պարտականութիւն մը, որ հիմնուած է Աստուծոյ սիրոյն վրայ եւ արմատացած հաւատքի հրճուանքին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.