2016-10-26 12:24:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Բարիք ըրէ՛, ծով նետէի՝ սկզբունքը…

Ապերախտութիւնը –ինչպէս գիտենք ամէնքս- ընդունելի չէ՛:

Ո՛չ ոք պիտի ուզէր ապերախտ զաւակ, ազգական, բարեկամ կամ ծանօթ ունենալ, ո՛չ ալ պիտի ուզէր փողոցին մէջ հանդիպիլ ապերախտ մարդու, որ տեղւոյն վրայ մոռնար այն էական օժանդակութիւնը, զոր պատահաբար մատուցեր էր անոր, իբրեւ պարզ անցորդ:
Տարբեր երկիրներու մէջ գտնուող ծերանոցները կամ հանգստեան տուները լի են երբեմն իրենց զաւակներուն կողմէ մոռցուած հայրերով ու մայրերով, որոնք անցեալին մեծ ուրախութեամբ ողջունած էին իրենց զաւակներուն գալուստը այս աշխարհ, ու գիշերներ լուսցուցած, մինչեւ անոնց մեծնալը: Իսկ հիմա ալ, չկայ վայրկեան, երբ սպասող աչքերով չնային իրենց սենեակի դրան, կամ պատուհանէն դուրս, թէ՝ ե՞րբ պիտի գան իրենց հոգեհատորները փնտռելու զիրենք, կամ գէթ հարցնելու իրենց մասին: Ոմանք յուսահատ, միայն հեռաձայնի զանգին կը սպասեն, անով մխիթարուելու եւ գոհանալու համար:
Այսօր դարձեալ կայ անուշադրութեան մատնուած փաղանգ մը ուսուցիչներու, որոնց աշակերտները թերեւս կարեւոր դիրքերու հասած են, կամ՝ գէթ այդ ճամբուն վրայ կը գտնուին: Ուսուցիչներ, որոնք ճիշդ է, այդ ասպարէզին ճամբով իրենց առօրեայ օրապահիկին ետեւէն կը վազէին, սակայն անոնք ո՛չ միայն իրենց ժամանակէն ու իմացական պաշարէն տուած են, այլ իրենց էութենէն բաշխած իրենց աշակերտներուն: Անոնց հասցէին ուղղուած երախտագիտական նուազագոյն արտայայտութիւնը, թերեւս միայն սովորական պարզ ժպիտը բաւարար պիտի դառնար ցոյց տալու արժանի վարձատրութեան յանձնառու կամքը, նախկին աշակերտներու մօտ:
Նոյնը կարելի է ըսել յայտնի թէ անյայտ, ծանօթ թէ ծածուկ բարերարներու համար, որոնցմէ շատեր նոյնիսկ վարձատրութեան ու գնահատանքի ո՛չ կարիքը կը զգան, ո՛չ ալ ցանկութիւնը ունին: Արդէն իսկական բարերարութեան մասին խօսած ժամանակ, այդ մասին կը մտածեն մեզմէ շատեր, երբ հետեւելով հայկական իմաստուն առածին, «բարիք ըրէ՛, ծով նետէ»ի սկզբունքին, բնա՛ւ չեն մտածեր այս աշխարհի վրայ մարդոցմէ վարձատրուելու մասին: Այլ՝ անոնք երկնային պարգեւներու վրայ կը խորհին միայն, այն յոյսով որ Աստուած անպայման վարձահատոյց պիտի ըլլայ իրենց, եւ ժամանակներու աւարտին ըստ արժանւոյն պիտի գնահատէ զիրենք այն ծառայութեան համար, զոր իրենք մատուցին իրենց նմաններուն:
Երկար յիշողութիւն է պէտք, երախտագէտ ըլլալու համար: Ապերախտութիւնը աններելի յանցանք ու մինչեւ իսկ մեղք կը համարուի անոնց համար, որոնք իրենց այդ վարակը կը տարածեն նոր կազմաւորուող մանուկներու հոգիին մէջ: Տակաւին լոյծ կամ խմորային վիճակի մէջ գտնուող անոնց ուղեղները պէտք չէ՛ լեցուին ապերախտութեան թոյնով: Յատկապէս կրօնական դաստիարակութեան պարագային, միայն երախտագիտութեան զգացումը պէտք է տիրապետողը ըլլայ, նախ՝ հանդէպ Արարիչին, յետոյ՝ բոլոր այն մարդոց, սկսեալ իրենց ծնողներէն, մինչեւ հարազատներն ու ծանօթները, որոնք այս կամ այն ձեւով օժանդակութիւն ցուցաբերած են, նպաստելով իրենց կազմաւորման ընթացքին:
Իսկ եթէ նոյն՝ կազմաւորուող երեխան իր դաստիարակին մօտ ապերախտութիւն եւ նոյնիսկ աւելին՝ ոխ, քէն ու ատելութիւն նշմարէ, անջնջելի հետք կը ստանայ իր հոգիի պարզ հայելիին վրայ, որուն ազդեցութիւնը կը կրէ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին:
Մարդիկ առհասարակ դժուարութիւն կ՛ունենան ներելու անոնց, որոնք ապերախտ գտնուած են իրենց նկատմամբ: Եթէ մարդոց նկատմամբ ապերախտութեան երեւոյթը այսքան դժուար ընդունելի է եւ նոյնիսկ անհասկնալի, հապա՞ Աստուծոյ նկատմամբ… Ան որ բոլոր տեսակի բարիքներու պարգեւիչը եւ կեանքի բարերար պայմաններու ստեղծիչն է, ինչքա՜ն աւելի պիտի վիրաւորուի, երբ տեսնէ ապերախտութեան երեւոյթ՝ Իր կատարած բարիքներուն ի պատասխան:

Դարձեալ ըսենք. ՜՜Մեզմէ իւրաքանչիւրը, պարտի թուել  Աստուծմէ ստացած օրհնութիւններն ու բարիքները՝  անոնք  կարող են մխիթարել  ամէն տեսակի ցաւերը։ Երախտագէտ ըլլալով՝  շնորհակալութիւն յայտնել Տիրոջ, անոր պարգեւած շնորհքներուն համար՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.