2016-10-26 10:20:00

Իրաքեան ուժերը Մուսուլի մէջ Տահեշեն 800 քառակուսի քիլոմեթր տարածք ազատագրած են:


Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան` Փենթակոնի մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարուած է, որ Իրաքի անվտանգութեան ուժերը Մուսուլի ազատագրման գործողութեան սկիզբէն ի վեր ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներէն ազատագրած են շուրջ 800 քառակուսի քիլոմեթր:

Ըստ Փենթակոնի գնահատականին, գործողութիւնը ունեցած է լաւ սկիզբ եւ յառաջ կ՛ընթանայ նախապէս մշակուած ծրագիրի մը համաձայն:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը նշէ, որ ամերիկացի շարք մը պաշտօնատար դէմքեր` ցանկալով պահպանել անձի գաղտնիութիւնը, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած են, որ զինուորականները որքան աւելի մօտենան Մուսուլին, մարտերը, ըստ այնմ, աւելի պիտի թէժանան:

Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ իրաքեան բանակը փեշմերկաներուն եւ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած դաշինքին աջակցութեամբ 17 հոկտեմբերէն սկսած է Մուսուլի ազատագրման գործողութեան:

Կը նշուի, որ ՏԱՀԵՇ խմբաւորումը քաղաքը գրաւած էր 2014-ին:

«Սքայ Նիուզ Արապիա» հաղորդեց, որ իրաքեան բանակը երեք օրուան կատաղի մարտերէ ետք ազատագրած է Ռաթպա գաւառը:








All the contents on this site are copyrighted ©.