2016-10-25 10:55:00

Վերջ գտաւ Ֆաթիմայի մէջ Եւրոպայի արեւելածէս Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու տարեկան ժողովը։


(Ռատիօ Վատիկան)  20-էն 23 հոկտեմբերին, Ֆաթիմայի մէջ գումարուեցաւ  Եւրոպայի Կաթողիկէ եկեղեցիներու եպիսկոպոսներուն տարեկան ժողովը։  Ժողովի աւարտին հրապարակուած  հաղորդագրութեան մէջ նշուած է , թէ ժողովին մասնակցող եպիսկոպոսները քննարկած են Եւրոպայի մէջ արեւելածէս կաթողիկէ հաւատացելաներուն  հովուական խնամակալութեան մարտահրաւէրները, ուր հաւատացեալներ՝  որոնք  գաղթած  են արեւելեան երկիրները,   յաճախ  չ՝ունին հոգեւոր հովիւ մը։

Հաղորագրութեան մէջ նշուած  է նաեւ  Եպիսկպոսները գիտակից են իրենց  պատասխանատուութեան՝ հանդէպ հաւատացեալներուն,  որոնք կը գտնուին հեռու իրենց Մայր եկեղեցիէն։ Եպիսկոպոսները   վերահաստատած են  իրենց զօրակցութիւնը   այս ընտանիքներուն եւ իւրաքանչիւր հաւատացեալի  հանդէպ, եւ յատկապէս  այն  ընտանիքներուն, ուր  գաղթականութեան պատճառաւ  Հայր ու մայր բաժնուած են իրարմէ ։

Նշենք թէ Ֆաթիմայի մէջ կայացած Ժողովին  իրենց մասնակացութիւնը բերած են նաեւ   ԵւրոպայիԵպիսկոպոսացած համահաւաք դասի նախագահ՝ Կարդինալ ԱնՃելօ Ամաթոն, Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ՝ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին։,  Լահհամ Գ Կրեկորիոս Պատրաիրքը, Փորթուկալի  Առաքելական նուիրակ՝ Գերապայծառ Ռինօ Փասսիկաթօ։








All the contents on this site are copyrighted ©.