2016-10-24 13:02:00

Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքը Յիսուսեաններու 36-րդ ընդհանուր ժողովի մասնակիցներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 24 հոկտեմբերին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանանայետ Հռոմի մէջ այցելեց Յիսուսեան միաբանութեան մայրավանք, ուր   մասնակցեցաւ միաբանութեան գումարած ընդհանուր 36-րդ ժողովին։

Յիսուսեան Միաբանութեան  ընդհանուր Մեծաւոր Հայր Արթուրօ Սոսզայի ողջոյնին խօսքէն ետք Ֆրանչիսկոս յղեց ճառ մը որուն մէջ   յիշեց երանելի Պօղոս Զ. Քահանայապետի խօսքը՝ “Այսպէս, եղբայրներ եւ որդիներ։ Միասնաբար յառաջ ընթանանք Տիրոջ անունով՝ ազատ, հնազանդ, միացած Քրիստոսի սիրոյն մէջ եւ Աստուծոյ մեծագոյն փառքին համար։” Այս կոչի հոգիով նաեւ յիշեալ Քահանայապետի յաջորդները՝ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. եւ Բենեդիկտոս ԺԶ. կը յորդորէին Յիսուսեան միաբանութեան անդամները, որ ընթանան իրենց հիմնադրի գծած ուղիէն՝ հաւատարիմ իրենց կոչումին։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր խորհրդածութիւնները կենդրոնացուց Պօղոս Զ.ի կոչին վրայ, խորանալով “միասնաբար ընթանալու”, “ազատութեան” եւ “հնազանդութեան” գաղափարներուն մէջ։

Յիսուսեան միաբանին համար ամենէն կարեւորն ու էականն է՝ ամէն օր աչքի առջեւ ունենալ սահմանադրութիւնը՝ սակայն նախ ակնարկը ուղղելով դէպի Աստուած։ Միաբանութիւնը ունի երկու սահմանադրութիւններ, որոնք վաւերացուած են Պօղոս Գ. (1540) եւ Յուլիոս Գ. (1555) քահանայապետերու կողմէ։

Նկատի առնելով հիմնադրի, Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլայի խրատները, Սրբազան Պապը յիշեցուց, թէ հիմնադրին համար յառաջ ընթանալ չի նշանակեր թափառիլ, այլ յառաջադիմել, դրական բան մը կատարել՝ ուրիշներու ի նպաստ։

Ապա Ֆրանչիսկոս Պապ խորացաւ Յիսուսեան Միաբանութեան առաքելութեան եւ շնորհապարգեւին վրայ, եւ երեք կէտերու մէջ ներկայացուց զանոնք, նախ յիշեց հոգեւոր մխիթարութիւնը, երկրորդ՝ թէ խաչեցեալ Յիսուսն է, որ յիսուսեան միաբանը շարժումի մէջ կը դնէ, եւ երրորդ՝ կատարել բարին՝ բարեացակամութեամբ, համաձայն Եկեղեցւոյ ոգիին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.