2016-10-24 09:37:00

Սուրբ Աթոռի եւ Պէնինի հանրապետութեան միջեւ կնքուեցաւ համաձայնութիւն մը


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 22 հոկտեմբերին։ Սուրբ Աթոռը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը,  որուն մէջ նշեց թէ ուրբաթ, 21 հոկտեմբեր 2016-ին, Պէնինի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ կնքուած է համաձայնագիր մը Սուրբ Աթոռի եւ Պէնին հանրապետութեան միջեւ, Պէնինի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ իրավիճակին շուրջ։
Սուրբ Աթոռի կողմէ համաձայնագիրը ստորագրած է Պէնինի Առաքելական Նուիրակ՝ Գերապայծառ Պրիան Ուտայկվը, մինչ Պէնինի հանարապետութեան կողմէ ստորագրած է Պէնինի արտաքին գործոց նախարար՝ Տիար Աուրէլիեն Ակպենոնսին։
Համաձայնագիրը կը  պարունակէ 19 յօդուածներ, որոնք Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կ՝ապահովեն   կատարելու իր յատուկ առաքելութիւնը Պէնինի մէջ։  Նաեւ պաշտօնապէս կը ճանչցուի եկեղեցւոյ  իրաւական անձի կարգավիճակն ու անոր հաստատութիւնները։
Համաձայնութեան մէջ նշուած է նաեւ,  թէ երկուստեք յանձնառու են համագործակցելու ի շահ մարդկային անձի բարոյական , հոգեւոր եւ նիւթական բարօրութեան եւ հասարակաց բարիքի զարգացման։








All the contents on this site are copyrighted ©.