2016-10-24 10:32:00

Պարոյր Սեւակի Մահուան 45-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ:


Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան (ՀԿՀՄ) կազմակերպած ձեռնարկը, որ նուիրուած էր հայ մեծանուն բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի մահուան 45-ամեակին եւ կը կրէր «Անլռելի, անկրկնելի Պարոյր Սեւակ» խորագիրը, տեղի ունեցաւ շաբաթ, 22 հոկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի «Ֆարաճեան» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ` հայ կաթողիկէ համայնքի   Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի եւ նախագահութեամբ` Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ ձեռնարկը բացուած յայտարարուեցաւ: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Արամ Գարատաղլեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ներկայացնելով ցաւալի իրականութիւն մը ըսաւ. «Սփիւռքահայ նորահաս սերունդները օրըստօրէ աւելի կը հեռանան մեր ազգային ու մշակութային ժառանգութենէն եւ արժէքներէն, որոնց կը պարտինք մեր գոյութիւնն ու գոյատեւումը»: Ան յայտնեց, որ  հայ երիտասարդութեան մէջ հայկական  ժառանգութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւնը վառ պահելու առաջադրանքով, ՀԿՀՄ-ը կը ներկայացնէ անգերազանցելի Պարոյր Սեւակը, որուն ստեղծագործութիւնը կը հանդիսանայ բոլոր սերունդներուն ուղղուած «Անլռելի զանգակատուն»-ը, որուն ղօղանջները մշտահունչ հրաւէրներ են  հայ  մեծագոյն արժէքներուն նկատմամբ հաւատարմութեան:

Ելոյթ ունեցաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան: Ան ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ կան այնպիսի երեւոյթներ, որոնք բարեբախտաբար եւ ի հպարտութիւն մեզի անանցանելի են, ինչպէս Պ. Սեւակը, որ ըլլալով մեծ բանաստեղծ եւ գրականագէտ, եղած է միաժամանակ մեծ քաղաքացի, որովհետեւ իր գեղարուեստական ժառանգութիւնը կը կրէր քաղաքացիական դիրքորոշում, որ մեր բոլորին մշտապէս անհրաժեշտ է: Դեսպան Մկրտչեան իր խօսքի աւարտին  անդրադարձաւ ձեռնարկի կարեւորութեան, որովհետեւ անիկա առիթ է առնչուելու եւ շփուելու Պ. Սեւակի խոհերուն, մտորումներուն եւ դիրքորոշումներուն, որոնք կը հարստացնեն եւ կարելիութիւն կ՛ընձեռեն տեսնելու խորիմաստ մօտեցում իւրաքանչիւրի կեանքին տարբեր դրսեւորումներուն նկատմամբ:

Ելոյթ ունեցաւ Պարոյր Աղպաշեան:  Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ հայ գրականութեան պատմութեան մէջ միշտ ալ եղած են մեծ հեղինակութիւններ, որոնք հարստացուցած են հայ գրականութեան շտեմարանը մնայուն գործերով, նշելի ժառանգներով եւ ուսանելի աւանդներով: Պ. Աղպաշեան յայտնեց, որ հայ բանաստեղծական արուեստը երբեք չէ լճացած կամ կաղապարուած իր ստեղծագործական ընթացքով ու ճանապարհով, ո՛չ ալ ինքզինք կրկնած ու մեկուսացած է այլ միշտ ինքնավերանորոգուած եւ ինքնազարգացած է:

Աղպաշեան դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս հայ գրականութեան մէջ բացառիկ եւ անկրկնելի տեղ ունի բազմատաղանդ Պարոյր Սեւակ, որ խորաթափանց յոյսերով, ազգայնական երանգներով, նահապետական արմատներով, համամարդկային հրամայականներով, քնարերգական բազմաշնորհութեամբ  եւ չարենցեան ոգիով ժամանակին շունչը դարձած է:  Աղպաշեան Պ. Սեւակի մէջբերումներով, Սեւակի մասին այլ մտաւորականներու վկայութիւններով նշեց, թէ ինչպէ՛ս Սեւակի ստեղծագործական կեանքը եղած է հարուստ նոր վերելքներով, նոր յայտնագործումներով, նոր հնարքներով եւ նոր ձեռքբերումներով, որոնք հայ բանաստեղծութեան եւ հայ ժողովուրդին համար դարձած են հոգեկան ու գեղարուեստական անգին հարստութիւններ:

Օրուան բանախօսն էր բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու եւ Պարոյր Սեւակի թոռ Սեւակ Ղազարեան: Ան հանգամանօրէն ներկայացուց Պարոյր Սեւակի արխիւի ճակատագիրը եւ ներկայ վիճակը, ապա ըսաւ, որ 1991 թուականէն ետք արխիւը հանգուցեալ Ալ. Արիստակէսեանի բնակարարնէն տեղափոխուած է Ս. Ղազարեանի տուն եւ ցայսօր կը մնայ իր տնօրինման տակ: Ս. Ղազարեան նշեց, որ արխիւը կ՛ընդգրկէ Պ. Սեւակի գործունէութեան բոլոր մարզերը, եւ անոնց առնչուող բազմազան նիւթեր: Ան ներկաներուն նկատողութեան յանձնեց, թէ ինչպէ՛ս իր ստեղծագործութեան նկատմամբ այդքան բծախնդիր ու պահանջկոտ Պ. Սեւակ, զարմանալիօրէն անփոյթ եղած է իր արխիւին նկատմամբ: Շատ առիթներով Պ. Սեւակ իր ձեռագիրները նուիրած է իր մտերիմներուն: Ան յայտնեց, որ անխաթար կերպով եւ ամբողջականօրէն պահպանուած են Պ. Սեւակի գրականագիտական մեքենագիր յօդուածներուն օրինակները, ապա ըսաւ, թէ արխիւի ծաւալուն մէկ մասը կը կազմէ նամականին, որ քիչ ուսումնասիրուած է:

Սեւակ Ղազարեան հաստատեց, որ արխիւային նիւթերը մեծապէս հարստացած են Պ. Սեւակի ժառանգներուն եւ յատկապէս իր հաւաքակչական աշխատանքին շնորհիւ: «Արխիւը Պ. Սեւակի ժառանգներուն սեփականութիւնը չէ, եւ վաղ թէ ուշ բաց պիտի ըլլայ բոլորին համար, միայն որոշակի գիտական ուսումնասիրութենէ ետք», ըսաւ բանախօսը, ապա ժամանակագրական առումով ներկայացուց 2011-էն հրատարակուած սեւակեան գիրքերը, որոնցմէ երկուքը լիովին անտիպ եղած են, իսկ միւս գիրքերուն մէջ ընդգրկուած են նաեւ տպագրուած գործեր, որոնք ճշգրտուած են Պ. Սեւակի արխիւին մէջ եղած նիւթերուն միջոցով: 2011-ին հրատարակուած է «Անցեալը ներկայացած» ինքնակենսագրութիւնը,  2014-ին` «Ամանէջ» անտիպ վէպը, 2014-ին լոյս տեսած է Պ. Սեւակի «Պոեմներ»-ը մէկ հատորով, 2015-ին վերահրատարակուած է «Անլռելի զանգակատուն»-ը: Նոր լոյս տեսած է նաեւ «Անտիպ ուսումնասիրութիւններ» հատորը, որուն մէջ ներառուած են Պ. Սեւակի երկու գիտական գործեր, որոնք ցարդ չէին հրատարակուած:

Գեղարուեստական յայտագիրին մէջ բաժին ունեցան վաստակաշատ ասմունքող Իրմա Գապաքեան-Տէտէեան, որ ապրումով ներկայացուց Պ. Սեւակի գրական գոհարներէն քանի մը հատ,  նաեւ Գէորգ Քէշիշեան, որ սրինգով նուագեց հայկական մեղեդիներ:

Ձեռնարկի ընթացքին Լիւսի Տէօքմեճեան յայտնեց, թէ ՀԿՀՄ-ը նախաձեռնած է մեսրոպեան ուղղագրութեամբ հրատարակել հայ աշակերտին ուղղուած Պ. Սեւակի բանաստեղծութիւններու հաւաքածոյ մը, որ կը բովանդակէ 45 հատընտիր` յատկանշելով անոր մահուան 45-ամեակը:

Ձեռնարկի աւարտին Գէորգ եպս. Ասատուրեանի ձեռամբ ՀԿՀՄ-ի յուշանուէրը յանձնուեցաւ Պ. Սեւակի թոռ Սեւակ Ղազարեանին: Այս առիթով խօսք առաւ Գէորգ եպս. Ասատուրեան: Ան ըսաւ, որ Պ. Սեւակ 20-րդ դարու հայ գրականութեան վաւերական խորհրդանիշներէն է, որ եղաւ մարգարէաշունչ պատգամաբերը եւ հարազատ արտայայտիչը իր ժողովուրդին հաւաքական ապրումներուն եւ ազգային ձգտումներուն: Ան յորդորեց լեցուիլ Պ. Սեւակի արդար եւ սրբազան հպարտութեամբ` հայ ազգին նկատմամբ:

Յայտնենք, որ բոլոր ներկաներուն տրամադրուեցան Պ. Սեւակի բանաստեղծութիւններու հատընտիրէն օրինակներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.