2016-10-21 17:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ճառը կոչումներու հովուականի միջազգային համագումարի մասնակիցներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 21 հոկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը  ընդունեց կոչումներու հովուականի միջազգային համագումարի մասնակիցները ու անոնց յղեց ճառ մը , որուն մէջ խօսքը ուղղելով ներկայ ծիրանաւորներուն, եպիսկոպոսներուն, քահանանաներուն եւ աշխարհական ներկայացուցիչներուն, Սրբազան Պապը անդրադարձաւ համագումարի նշանաբանին՝ «Miserando atque eligendo» (Ողորմելով եւ Ընտրելով)։ Այս նշանաբանը ընտրած էր Ֆրանչիսկոս Պապ իր զինանշանին համար։

Սրբազան Հայրը յորդորեց ներկաները, ըսելով՝ «Կոչումներու հովուական, կը նշանակէ սորվիլ Յիսուսի գործելակերպը, որ կ՝անցնի առօրեայ կեանքի վայրերէն, կանգ կ՝առնէ առանց աճապարանքի եւ, ողորմածութեամբ նայելով եղբայրներուն, զանոնք կ՝առաջնորդէ ներկայանալու Հօր Աստուծոյ։» Սրբազան Հայրը, աւելի մանրամասնեց Յիսուսի այս գործելակերպը՝ նշումներ կատարելով Ղուկասի Աւետարանէն, ուր Յիսուս դուրս կու գայ, կը տեսնէ անհատը եւ կը կոչէ զայն։
Դուրս գալ սահմաններէն, ըլլալ յանդուգն եւ ստեղծագործ առաջին քայլն է, կոչումներու հովուականին մէջ։
Իսկ երկրորդ քայլը՝ տեսնել – առանց աճապարանքի, հայեացքը ուղղել անհատին՝ ինչպէս Յիսուս կատարեց Մատթէոս Աւետարանիչի պարագային։ Յիսուս կանգ առաւ անոր դիմաց եւ անոր առիթ տուաւ նոր կեանք մը սկսելու։
Եւ վերջապէս, երրորդ քայլը՝ կանչել, կոչ ուղղել։ Պէտք չէ շփոթիլ սա մարդորսութեան հետ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։ Յիսուսի կոչը՝ ուղղուած Մատթէոսի շատ պարզ է՝ «հետեւէ ինծի»։
Սրբազան Քահանայապետը յատուկ կոչ ուղղեց եպիսկոպոսներուն եւ քահանաներուն, որ միշտ հաստատուն մնան Աստուծոյ Խօսքի սերմանումին մէջ՝ ողորմած նայուածքով։ «Ձեր հովուական գործունէութեան, ձեր զանազանելու դատողութեան եւ ձեր աղօթքին վստահուած է կոչումներու հովուականը։ Հոգ տարէք կոչումները խթանելու՝ որդեգրելով կարելի միջոցները, հրահանգելով զանազանելու դատողութեան արուեստը եւ, աւետարանումի միջոցաւ՝ հրահրելով քահանայական եւ կրօնաւորական կոչումներու նիւթը։»








All the contents on this site are copyrighted ©.