2016-10-21 11:45:00

Մեր աղբիւրը հայ մարդն է, անկախ անկէ ան կ՝ապրի Հայաստանի մէջ, թէ՝ այլ երկրի. ՀՀ վարչապետ


ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեան Հոկտեմբեր 20-ի երեկոյեան ընդունած է «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» խորագիրով լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովի մասնակիցները:

Ողջունելով տարբեր երկիրներու մէջ գործունէութիւն ծաւալող հայ լրագրողները`  կառավարութեան ղեկավարը կարեւոր համարած է նման համաժողովներու իրականացումը, որոնք կը նպաստեն Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման, առկայ խնդիրներու քննարկման, լրատուական ներուժի համախմբման:

ՀՀ կառավարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ վարչապետը անդրադարձած է կառավարութեան գործունէութեան ծրագիրին եւ նշած, որ այնտեղ մեծ տեղ յատկացուած է նաեւ Սփիւռքին եւ անոր ներուժին իրացման: Մասնաւորապէս, խօսելով Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններուն մասին, Կարէն Կարապետեան նշած է. «Ընդհանրապէս, կարծում եմ, որ այդ տարանջատումը շատ արհեստական է, որովհետեւ մէկս առանց միւսի չենք կարող ապրել: Մեր ներուժը, մեր կապիտալը, մեր ռեսուրսը հայ մարդն է, անկախ նրանից, նա ապրում է Հայաստանում, թէ դրսում: Ես աւելի քան վստահ եմ, որ Սփիւռքն իրեն միշտ ապահով եւ դիրքաւորուած կը զգայ, եթէ ունենանք ուժեղ Հայաստան, եւ վստահ եմ, որ Հայաստանն առանց Սփիւռքի ներուժի շատ աւելի դժուար կը հասնի այն երազներին, որոնք ունի: Այդ առումով, ուրախ եմ հանդիպել ձեզ, որովհետեւ պայմանականօրէն կարող ենք ասել` դուք այն խողովակն էք, կամուրջը, որը միաւորում է հայկական աշխարհը»,- նշած է վարչապետը: Կարէն Կարապետեան կարեւոր համարած է Սփիւռքի մէջ հայկական զանգուածային լրատուամիջոցներու գործունէութիւնը, որոնք պատշաճ եւ ժամանակին հայութեան կը ներկայացնեն Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, կը փոխանցեն այն ազդակները, որոնք կը փափաքին միմեանց հաղորդել Հայրենիքն ու Սփիւռքը:

Հանդիպման ընթացքին վարչապետը պատասխանած է սփիւռքահայ լրագրողներուն հետաքրքրող բազմաթիւ հարցերու, որոնք վերաբերած են ՀՀ կառավարութեան գործունէութեան առաջնահերթութիւններուն, մեր երկրի տարբեր ոլորտներու մէջ նախատեսուող բարեփոխումներուն, հայապահպանութեան եւ հիմնախնդիրներուն:

Նշենք, որ «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» խորագիրով լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովին այս տարի կը մասնակցի 65 խմբագրութեան ղեկավար: Համաժողովին նպատակն է համահայկական տեղեկատուական դաշտի ընդլայնումն ու կատարելագործումը, լրատուական ներուժի արդիւնաւէտ կիրառումը Հայաստանի զարգացման, ՀՀ միջազգային վարկանիշի բարձրացման, Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան, համահայկական խնդիրներու լուծման գործընթացին:








All the contents on this site are copyrighted ©.