2016-10-20 15:10:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ուղերձը Կարգաւորեալ Օգոստինեան Միաբանութեան Ընդհանրական Ժողովի մասնակիցներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 20ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայպետը ընդունեց եւ այս առթիւ ուղերձ մը տուաւ Կարգաւորեալ Օգոստինեան Միաբանութեան 55րդ Ընդհանրական Ժողովի մասնակիցներուն։ Սրբազան Պապը անդրադարձաւ ժողովին համար իբր բնաբան ընտրուած Սուրբ Օգոստինոսի խօսքին, ուր Սուրբը  կ’աղօթէ՝ “Մեր ամբողջ յոյսը դրուած է քու մեծ ողորմածութեանդ մէջ։ Տուր մեզի այն՝ ինչ որ կը հրամայես, եւ հրամայէ՝ ինչ որ կ’ուզես”։

Այս աղերսը մեզ կը մղէ՝ ըլլալու յոյսի մարդիկ, եւ մեր ամբողջ վստահութիւնը դնելու Աստուծոյ ողորմածութեան վրայ, գիտակցելով՝ թէ մենք անկարող ենք առանձին, մեր անձնական ոյժերով դիմագրաւել այն մարտահրաւէրները, որ Տէրը մեր առջեւ կը դնէ։

Միաբանութեան այս ընդհանրական ժողովը առիթ մը կ’ընձեռէ վերատեսելու եւ նորոգելու Միաբանութեան կեանքը եւ ճանապարհը, աղօթելով Սուրբ Օգոստինոսի հետ՝ “Տուր մեզի այն՝ ինչ կը հրամայես։”

Սրբազան Պապը շեշտեց յատկապէս Քրիստոսի տուած սիրոյ պատուիրանին վրայ։ Ապա յորդորեց՝ դիտել անցեալը եւ շնորհակալ ըլլալ Աստուծոյ շնորհած պարգեւներուն համար։ Դէպի անցեալը տրուած ակնարկը պէտք է կատարուի Քրիստոսի հետ միասին, որպէսզի ճանչնալով միաբանութեան շնորհապարգեւը՝ դառնանք աղբիւրին եւ զայն համտեսենք իր ամբողջ թարմութեամբ եւ ամբողջականութեամբ։ Անցեալին տրուած ակնարկը մեզի նաեւ կարելիութիւնը պիտի տայ, մատնանիշ ընելու դժուարութիւնները, որոնք Մաբանութեան առջեւ ելած են, եւ թէ ի´նչպէս անոնք յաղթահարուած են. եւ ապա դիմագրաւենք ներկայի մարտահրաւէրները՝ հայեացքը ուղղած դէպի ապագայ։ Յիսուսի հետ միասին կատարուած այս ճանապարհը մեզ դարձի պիտի բերէ՝ աղօթքով, գոհաբանութեամբ եւ ներքին մաքրումով։

Սրբազան Պապը շետշեց՝ որպէսզի կարենանք Սուրբ Օգոստինոսի հետ աղօթել “Հրամայէ այն ինչ որ կ’ուզես”՝ պէտք է ունենանք հոգիի ազատութիւն եւ տրամադրելիութիւն։ Տիրոջմէ հրահանգ ընդունիլ, կը նշանակէ, թէ միայն Աստուած է մեր կեանքին տէրը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց ներկայ ժամանակի աշխարհի եւ ընկերութեան կարիքներուն եւ պահանջքներուն, ուր մեզմէ իւրաքանչիւրն ունի իր իւրայատուկ առաքելութիւնը։

Իր խօսքի աւարտին, Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց ներկաները, որ պահեն Սուրբ Օգոստինոսի երազանքը՝ նորոգեալ հոգիով. եւ ապրին իբր եղբայրներ՝ “մէկ սրտով եւ մէկ հոգիով”, ցոլացնելով առաջին քրիստոնեաներու գաղափարականը, եւ ներկայ աշխարհի մէջ ըլլալով միութեան մարգարէաշունչ ոգին։








All the contents on this site are copyrighted ©.