2016-10-20 15:02:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Պուրքինա Ֆազոյի նախագահը


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 20 հոկտեմբերին, Վատիկանի Առաքելական Պալատին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ ընդունեց Պուրքինա Ֆազոյի նախագահ՝ Տիար Ռոչ Մարք Քրիսթիան Քապորէ։ Նախագահը ապա հանդիպած է Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փարոլինին հետ , որուն ընկերացած էր Վատիկանի այլ Պետութիւններուն հետ  յարաբերութիւններու բաժանմունքին քարտուղար՝ Գերապայծառ Փոլ Կալլակեր։ Այս առնչութեամբ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց,  թէ հանդիպումը տեղի ունեցած է սիրալիր մթնոլորտի մէջ, որուն ընթացքին ի յայտ բերուած են Սուրբ Աթոռի եւ Պուրքինա Ֆազոյի միջեւ գոյացած բարի յարաբերութիւնները, ընդգծուած է Եկեղեցւոյ ներդրումը՝  դաստիարակչական եւ առողջապահական մարզէն ներս։ Մաղթանք կատարուած է երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման ի խնդիր։   

Հանդիպման ընթացքին շեշտուած է ազգային համերաշխութեան կարեւորութիւնը ինչպէս նաեւ յարգանքն ու համագործակցութիւնը՝ զանազան կրօնական խմբաւորումներուն միջեւ, եւ քննարկուած է երիտասարդութեան եւ անոնց զբաղուածութեան նիւթը։








All the contents on this site are copyrighted ©.