2016-10-20 14:55:00

ԿարդինալՓարոլինի հեռագիրը Միջին Արեւելքի եւ Միջերկրականի Կիներու երկրորդ ժողովի գումարման առիթով


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Ֆրանչիսկոս Պապի անունով հեռագիր մը յղած է Պարիի Արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Ֆրանչեսքօ Քաքուչչիի, Միջին Արեւելքի եւ Միջերկրականի Կիներու Երկրորդ Ժողովի գումարման առիթով, որ կազմակերպուած է Կաթողիկէ Կանացի Միջազգային Կազմակերպութիւններու Միութեան կողմէ, համագործակցութեամբ Միջազգային Կաթողիկէ Շարժումին, եւ Իտալական Կաթողիկէ Շարժումին, Ողորմածութեան Յոբելինական բացառիկ տարւոյն առիթով, որ բոլորը կը հրաւիէ առատաձեռնութեամբ կատարել ողորմածութեան մարմնական եւ հոգեւոր արարքներ։

“Կիները խաղաղութեան, հանդիպման եւ երկխօսութեան գործիչներ” տիտղոսով, ժողովը կը քննարկէ կիներու կարեւոր դերը ընկերութեան մէջ։

Ծիրանաւորը իր պատգամին մէջ կը փոխանցէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի շնորհաւորական սրտագին ողջոյնները, ներկայ բոլոր կիներուն, եւ յատկապէս անոնց, որոնք կու գան Միջին Արեւելքէն եւ այն երկիրներէն, որոնք բնորոշուած են ընկերային հակամատութիւններով, աղքատութեամբ եւ խտռականութեամբ։

Ան կը մաղթէ, որ կիներու ներկայութեան տրամադրուած տարածքները ծաւալին, եւ անոնց աշխատանքը աշխուժանայ՝ հանդիպման առիթներու, փոխադարձ ճանցումի եւ երկխօսութեան ուսումնասիրութեամբ. եւ բազմապատկուին հասարակաց ճիգերը՝ կերտելու համար ապագայ մը, որ ըլլայ բերրի եւ խաղաղ, եւ առատօրէն տայ մարդկային եւ ընկերային աճման առատ պտուղներ եւ նպաստէ մարդոց միջեւ կատարուած հաշտութեան եւ ազգերու միջեւ նորոգեալ համաձայնութեան։

Նորին Սրբութիւնը կը հայցէ Սուրբ Հոգւոյն լոյսը, որ ժողովը ըլլայ արդիւնաբեր, եւ կը յղէ իր առաքելական օրհնութիւնը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.