2016-10-19 11:26:00

Ֆրանչիսկոս Պապ.Ողորմածութեան գործերը կը յորդորեն՝ անօթիները կերակրել ու ծարաւիները յագեցնել։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 19 հոկտեմբեր 2016-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, աւանդութեան համաձայն, հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց բազմահազար ուխտաւորներուն, ու այս առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութիւնը դարձեալ կեդրոնացուց ողորմածութեան ներգործութիւններու նիւթին։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս ըսաւ Նորին Սրբութիւնը,

Այսպէս կոչուած “բարեկեցութեան” հետեւանքն է, որ մարդիկ իրենց անձին մէջ կը փակուին, անզգայ դառնալով ուրիշներու կարիքներուն հանդէպ։ Բարեկեցութիւնը կը փորձէ ամէն ինչ՝ խաբելու համար մարդիկ՝ անոնց ներկայացնելով վաղանցուկ կեանքի կերպեր, որոնք քանի մը տարի ետք կ՛անհետանան, այնպէս ինչպէս թէ մեր կեանքը նորոյթ մը ըլլար՝ որուն հետեւէինք եւ զայն փոխէինք տարւոյն ամէն եղանակին։

Իրականութիւնը կ՛ընդունուի եւ կը դիմագրաւուի այնպէս ինչպէս է, եւ ստէպ մեզ անհրաժեշտ կարիքներու կացութեան դիմաց կը դնէ։ Ասոր համար է, որ ողորմածութեան գործերը կը յորդորեն՝ անօթիներուն ուտելիք տալ, եւ ծարաւածները յագեցնել։ Հաղորդակցութեան միջոցները մեզի ստէպ տեղեկութիւն կու տան ժողովուրդներու մասին, որոնք կը տառապին ուտելիքի եւ ջուրի բացակայութենէն, որ ծանր հետեւանքներ ունի՝ յատկապէս մանուկներու համար։

Ի տես որոշ լուրերու եւ յատկապէս որոշ պատկերներու, հանրային կարծիքը կը զգացուի եւ երբեմն կը սկսինք օգնութիւններ կազմակերպել զարկ տալու զօրակցութեան։ Այս կերպով, նուիրատուութիւնները կը կատարուին առատաձեռնութեամբ, եւ այս ձեւով կարելի է նպաստել շատերու տառապանքի թեթեւացումին։

Ընկերսիրութեան այս կերպը կարեւոր է, սակայն մեզ չի ներգրաւեր ուղղակիօրէն։ Մինչ, երբ մենք փողոց կ՛իջնենք, շատ տարբեր է պարագան, այդ ժամանակ կը հանդիպինք կարիքաւոր անհատի մը, եւ կամ աղքատ մը կու գայ բախելու մեր տան դուռը։ Այս պարագային ես չեմ գտնուիր լոկ պատկերի մը դիմաց, այլ կը ներգրաւուիմ անհատապէս։ Այլեւս չկայ հեռաւորութիւն կարիքաւորին եւ իմ միջեւ։

Այսպիսի հանդիպումներու ժամանակ ի՞նչ է իմ հակազդեցութիւնս։ Նայուածքս կը դարձնեմ եւ կ’անցնի՞մ։ Եւ կամ կանգ կ’առնեմ՝ խօսելու համար եւ կը հետաքրքրուիմ անոր վիճակով։ Արդեօք կը մտածե՞մ թէ ինչ կերպով կրնամ ընդունիլ այդ անհատը, եւ կամ կը փորձեմ աճապարանքով ինքզինքս ազատել անկէ։ Գուցէ այդ անձը կը խնդրէ միայն ամենէն կարեւորը՝ ուտելու եւ խմելու բան մը։ Պահ մը մտածենք՝ քանի´ քանի´ անգամներ կ’աղօթենք “Հայր մեր”ը, սակայն ուշադիր չենք ըլլար այն խօսքերուն՝ “զհաց մեր հանապազորդ տուր մեզ այսօր”։

 

Աստուածաշունչին մէջ՝ Սաղմոսը կ՛ըսէ, թէ Աստուած ան է, որ “կերակուր կու տայ բոլոր արարածներուն” (ՃԳԶ. 25)։ Անօթութեան փորձառութիւնը շատ ծանր է։ Ասոր գիտակից են անոնք, որոնք ապրած են պատերազմ եւ սով։ Այս փորձառութիւնը կը կրկնուի ամէն օր՝ զուգահեռ առատութեան եւ մսխումի։ Յակոբոս Առաքեալի խօսքերը երբեք չեն կորսնցներ իրենց այժմէականութիւնը՝ “Ի՞նչ բանի կը ծառայէ, եղբայրներ, եթէ մէկը ըսէ՝ թէ հաւատք ունի, բայց չունի գործերը։ Հաւատքը կրնա՞յ զինք փրկել։ Եթէ եղբայր մը կամ քոյր մը մերկ են, կամ կարօտ՝ առօրեայ կերակուրին ու ձեզմէ մէկն ըսէ անոնց՝ ’Գացէք խաղաղութեամբ, տաքցէք եւ կշտացէք’ եւ չտայ անհրաժեշտը, ի՞նչ բանի ծառայեցին այդ խօսքերը։ Այսպէս է նաեւ հաւատքը. բոլորովին մեռած է եթէ գործերը չեն ընկերանար անոր։” (Յակ Բ. 14-17)

Չեմ կրնար ուրիշը իմ տեղս նշանակել՝ կարիքաւորին օգնելու նպատակով։ Աղքատը պէտք ունի ինծի´, ի´մ օգնութեան, ի´մ խօսքիս, ի´մ արարքիս։

Նաեւ Աւետարանի այն հատուածը, ուր Յիսուս կը տեսնէ իրեն հետեւող բազմութիւնը, կը խնդրէ իր աշակերտներէն՝ “ուրկէ՞ հաց գնենք, որպէսզի ասոնք ուտեն” (Յովհ Զ. 5)։ Եւ աշակերտները կը պատասխանեն՝ “Երկու հարիւր դահեկանի հաց չի բաւեր, նոյնիսկ եթէ իւրաքանչիւրին միայն մէկ կտոր տանք”։ Իսկ Յիսուս կ’ըսէ՝ “Դու´ք անոնց ուտելիք տուէք”։ Յիսուս մեզի շատ կարեւոր դաս մը կու տայ։ Մեզի կ’ըսէ, եթէ մեր ունեցած սակաւը վստահինք Իր ձեռքերուն, եւ զայն բաժնենք հաւատքով, այն ժամանակ այդ` առատազեղ հարստութեան պիտի վերածուի։

Պենետիկտոս ԺԶ. Պապ, իր “Սէր եւ Ճշմարտութիւն” շրջաբերականին մէջ կը հաստատէ՝ “Անօթիներուն ուտելիք տալը՝ տիեզերական Եկեղեցւոյ բարոյական հրամայականն է։ Սնունդի եւ ջուրի իրաւունքը, կարեւոր դեր մը ունի՝ հասնելու այլ իրաւունքներու։ Կարեւոր է, որ մեր մէջ զարգանայ զօրակցութեան խիղճը, որ սնունդը եւ ջուրի հասանելիութիւնը պահէ իբր տիեզերական իրաւունքներ՝ մարդկային բոլոր արարածներուն համար, առանց տարբերութեան եւ խտրականութեան։” Չմոռնանք Յիսուսի խօսքերը՝ “Ես եմ կեանքի հացը” (Յովհ Զ. 35), եւ “Ով ծարաւի է, ինծի թող գայ” (Յովհ Է. 37)։ Քրիստոսի միջոցաւ յայտնեալ, ողորմած Աստուծոյ հետ մեր ունեցած յարաբերութիւնը` կ՛իրականանայ՝ անօթիներուն կերակուր տալով, եւ ծարաւածներուն՝ ջուր։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.