ՀՀ կառավարութեան ծրագիրները Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեան ոլորտին մէջ ուղղուած պիտի ըլլան նաեւ տնտեսական ծրագիրներու իրականացման: Այդ մասին Կառավարութեան արտահերթ նիստէն ետք լրագրողներուն հետ զրոյցին նշեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:
«Շեշտադրումն աւելի տնտեսական է լինելու, տնտեսական բարեփոխումներ են իրականացուելու, իսկ գլխաւորը` մեր նախարարութիւնում պէտք է ստեղծուի մարմին, որը մէկ պատուհանի սկզբունքով պէտք է կարողանայ սփիւռքահայերին ծրագրեր իրականացնելիս օգնել խորհրդատուութեամբ, այդ թւում` իրաւական առումով»,- ըսած է Հրանոյշ Յակոբեան:
Անոր խօսքով` Կառավարութեան ծրագիրին մէջ առկայ են նաեւ սուրիահայերու եւ իրաքահայերու ընդելուզման խնդիրներուն վերաբերող կէտեր:
All the contents on this site are copyrighted ©. |