2016-10-19 15:43:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Դաստիարակութիւնը Սէր Է

Կրթութեան եւ ուսման ոլորտին մէջ, ներկայ աշխարհը մասնագիտութիւն կը պահանջէ: Երկար տարիներու ուսուցիչներ կը հարկադրուին վերաորակաւորուելու, այսօրուան աշխարհին չափանիշները լրացնելու համար: Այլապէս, իրենց փորձառութիւնը, տարիներու վաստակը, ունեցած նեղութիւնները եւ նոյնիսկ անձնազոհութեան պատճառաւ կրած զրկանքները պիտի չգնահատուին ըստ արժանւոյն:
Ներկայ ժամանակներուն, այս մօտեցումը թափանցած է գրեթէ բոլոր ասպարէզներէն ներս, իտէալականէ աւելի՝ իրապաշտ կատարեալ աշխատելաոճ ստեղծելու նպատակով:
Կասկած չկայ եւ միշտ ալ յիշեցում կը կատարուի, թէ՝ մայրն է երեխային առաջին դաստիարակը: Ուսուցիչներ, կրթական մշակներ, դաստիարակներ միայն աճեցնողն են այն ցանքին, որ կը կատարուի տան մէջ, մանուկի ծնողներուն, ու յատկապէս մօր կողմէ:
Դաստիարակութիւնը յոգնութիւն կը դառնայ այն ատեն, երբ սիրոյ ընկերակցութեամբ չի կատարուիր: Մայր դառնալէ ետք տարօրինակ աշխատանքի կը լծուի կին էակը, ուր դժգոհութիւն, նեղութիւն, ժամանակի յատկացում, տրամադրութիւն ու այլ սովորական երեւոյթներ նուազագոյն աստիճանի կ՛իջնեն: Այն անհաշիւ ժամանակը, զոր կը տրամադրեն մայրեր իրենց զաւակներու հոգատարութեան, սովորական իմաստով ըմբռնուած վարձատրութեամբ կարելի չէ՛ գնահատել, որովհետեւ սովորական աշխատանքի պարագային, գիշերուան ժամերը, կամ՝ յետ-աշխատանքային ժամերը շատ աւելի բարձր կը գնահատուին: Իսկ մօր համար անըմբռնելի է, զաւակի խնամատարութեան պարագային, գիշերային ու առաւօտեան ժամերուն միջեւ տարբերութիւն դնելը:

Իսկ համբերութիւնը…
Դաստիարակութեան անչափելի գործին անսահման զսպանակն է ասիկա: Դաստիարակութեան գործին մէջ համբերութեան չափը, տարողութիւնը, կշիռը ու արժէքը ինքնին անչափելի է: Այս առաքինութիւնն է, որ յատկապէս մօր կազմած ցուցակին գլուխը կը կանգնի, սովորական աշխատանքէ դուրս բերելով դաստիարակութեան գործը, ու զայն դարձնելով անսահման սիրոյ արտայայտութիւն:
Մանկապարտէզի անհանդարտ մանուկներուն շուրջ մինչեւ կէսօր դարձող ուսուցչուհիներու համբերատար աշխատանքը, սովորական «նուիրում» բառով կարելի չէ բացատրել: Այլ, նուիրումի կողմքին պէտք է դնել զոհողութիւնը ու մանաւանդ աստուածապարգեւ համբերատարութիւնը, որ բոլորին տրուած շնորհք չէ՛ այս կեանքին մէջ:
Համբերատարութեան ախոյեանը՝ մայրը, կը խլէ «աշխատանքային» սոյն բնագաւառին յաղթանակի պսակը, որովհետեւ այն ինչ որ դաստիարակներու եւ կրթական մշակներու համար ժամերու, օրերու եւ սահմանափակ տարիներու վրայ տարածուած պարտաւորութիւն է, մօր համար ատիկա մինչեւ իր կեանքին վերջին շունչը երկարող զոհաբերութիւն է:
Յատկապէս ներկայ ժամանակներու արդիական ուսուցման կերպերը նկատի ունենալով, ոմանք կը պնդեն դաստիարակութեան արուեստ ըլլալը: Ճիշդ է, արուեստի մէջ ոգի կը դնէ արուեստագէտը, երբեմն վրձինի կամ մուրճի հարուածներով այնպիսի շարժումներ կը ստեղծէ իր գործին մէջ, որ մեզի կը թուայ թէ գործը հոգի ստացեր է: Միայն դաստիարակութեամբ կարելի է իսկական հոգին փոխանցել՝ դաստիարակէն դաստիարակուողին, մա՛րդը կերտելով անոր մէջ:
Իսկ տրուող դաստիարակութիւնը հոգեկերտումի աշխատանքի վերածողը ի՞նչն է, եթէ ոչ՝ սէրը, որու «միջնորդութեամբ» այդ գործը կը վերածուի սիրոյ ծառայութեան, ու անկեղծ ինքնանուիրումի:
Դաստիարակութեան ու սիրոյ առողջ ու աշխոյժ գործակցութենէն կախեալ է մարդկութեան ապագան:

Միայն անկեղծ սիրով ու մայրական հարազատ զգացումներով կատարուած դաստիարակութիւնը կրնայ աշխարհէն չքացնել ատելութիւնը, նախանձը, բարկութիւնը եւ դեռ հին ու նոր բազմաթիւ «մահացու մեղքերը»:








All the contents on this site are copyrighted ©.