2016-10-19 10:27:00

Աշխարհի մէջ 1 միլիառ մարդ չքաւորութեան մէջ կ՛ապրի․ ՄԱԿ գլխաւոր քարտուղար


Մոլորակի բնակչութեան մօտ 1 միլիառը կ՛ապրի ծայրայեղ չքաւորութեան պայմաններու մէջ, մինչդեռ 800 միլիոնը կը տառապի սովէն եւ թերի սնուցումէն: Այդ մասին յայտարարած է ՄԱԿ գլխաւոր քարտուղար Պան Քի Մուն:

Հոկտեմբեր 17-ին նշուող Աղքատութեան վերացման միջազգային օրուան առիթով յղած իր ուղերձին մէջ ան կոչ ըրած է պայքարելու աղքատութեան դէմ, եւ կառուցելու «ընկերային արգելքներէ ազատ հասարակութիւն»:

ՄԱԿ գլխաւոր քարտուղարը նշած է, որ «աղքատութիւնը կը չափուի ոչ միայն անբաւարար վաստակով, այլ նաեւ առողջապահութեան, կրթութեան եւ հիմնարար այլ ծառայութիւններու անմատչելիութեամբ»:

Ան յորդորած է կառավարութիւններուն, քաղաքական հասարակութեան անդամներուն եւ ամբողջ մարդկութեան «լսել աղքատութեան մէջ ապրող մարդոց ձայնը»:








All the contents on this site are copyrighted ©.