2016-10-18 10:30:00

Ռուսիա 20 հոկտեմբերին Հալէպի մէջ մարդասիրական զինադադար պիտի հաստատէ:


Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հինգշաբթի, 20 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00, Հալէպի մէջ մարդասիրական զինադադար եւ Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներու քաղաքէն դուրս գալու երկու միջանցքներու բացում յայտարարեց` նշելով, որ Սուրիոյ եւ Ռուսիոյ օդուժները այդ ընթացքին պիտի դադրեցնեն օդային հարուածները:

Նախարարութիւնը սուրիական զինեալ ընդդիմութեան կոչ ուղղեց` ականազերծելու մարդասիրական միջանցքները, որպէսզի քաղաքայինները կարենան հեռանալ արեւելեան Հալէպէն:

Նախարարութիւնը նաեւ նշեց, որ ընդդիմադիր զինեալներ կը ստանան ամերիկեան «Թաու» տիպի հակահրասայլային հրթիռներ:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ Հալէպի մէջ կացութիւնը կը շարունակէ մնալ շատ դժուար, եւ Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներ արեւմտեան Հալէպի բնակելի վայրերուն ռմբակոծման մէջ մագլցում կ՛արձանագրեն:

Նախարարութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնեց Հալէպի ճգնաժամը լուծելու համար որեւէ նախաձեռնութիւն քննարկելու:








All the contents on this site are copyrighted ©.