2016-ի Հոկտեմբեր 17-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» համահայկական ամենամեայ մրցանակբաշխութեան 2015 թուականի արդիւնքներու ամփոփման եւ մրցանակներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը արժանացաւ երկրորդ կարգի մրցանակի՝ “Մայրենիի Պաշտպան” անուանակարգին մէջ:
2015 թուականի մրցանակաբաշխութեան համար աշխարհի 23 երկիներէ ներկայացուած էին 112 յայտեր:
Սփիւռքի նախարարութեան մրցանակաբաշխութիւնը տեղի կ՛ունենայ Համաշխարհային հայկական քոնկրէսի և Ռուսաստանի հայերու միութեան հետ համատեղ՝ 2010 թուականէն:
Նշենք նաեւ թէ վերոնշեալ մրցանակը շնորհուեցաւ նաեւ Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականներու Միութեան` «Հայապահպանութեան Գործին Մէջ Նշանակալի Աւանդի Համար»
All the contents on this site are copyrighted ©. |