2016-10-18 10:41:00

ՄԱԿ-ը պատրաստ է ֆինանսապէս աջակցելու Հայաստան ժամանող Սուրիահայերուն.


Մարդու իրաւունքներու պաշտպան (ՄԻՊ) Արման Թաթոյեան յատուկ քննարկում մը նախաձեռնած է Հայաստանի մէջ  ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի ներկայացուցիչ Քրիստոֆ Պիերուիրթի հետ. Կը հաղորդէ Tert.am-ը՝ վկայակոչելով ՄԻՊ աշխատակազմի լրատուական ծառայութիւնը:

Քննարկման ընթացքին քննարկուած են Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակի արդիւնքով Հայաստան ժամանող սուրիահայերուն առնչուող, մասնաւորապէս` անոնց համար Հայաստանի մէջ բնակութեան պայմաններու ապահովման հարցով ՄԱԿ-ի աջակցութեան հետ կապուած հարցեր:

Արման Թաթոյեան յատկապէս կարեւոր համարած է Հայաստան գալ պատրաստուող սուրիահայերուն համար կեցութեան, ինչպէս նաեւ իրաւական խորհրդատուութեան հետ կապուած խնդիրներու առաջնահերթ կարգաւորումը, ինչպէս նաեւ քննարկուած է սպասուող նոր հոսքի պարագային սուրիահայ ընտանիքներուն ՄԱԿ-ի  փախստականներու հարցերով գրասենեակին կողմէ հնարաւոր որոշակի դրամական օժանդակութիւն տրամադրելու հետ կապուած հարցեր:

Պիերուիրթը պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցութիւն ցուցաբերելու սուրիահայ ընտանիքներուն` ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գրասենեակի իրաւասութեան ու հնարաւորութիւններու ծիրէն ներս` նշելով, որ այդ ուղղութեամբ կը տարուին համապատասխան աշխատանքներ:

Քննարկման աւարտին Պաշտպանը բարձր գնահատած է ՄԱԿ ի փախստականներու հարցերով հայաստանեան գրասենեակի ջանքերը` ուղղուած սուրիահայ փախստականներուն օժանդակելուն, ինչպէս նաեւ  երկուստէք կարեւոր համարուած է այս հարցերով յաճախակի հանդիպումներու ու քննարկումներու անհրաժեշտութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.