2016-10-18 10:53:00

Ղնեմիէ հայաբնակ գիւղը այսօր:


Սուրիոյ Լաթաքիոյ նահանգի Ղնէմիէ հայաբնակ գիւղը, որուն տարիքը կապուած է Կասիոս եւ Մուսա Լեռներու գիւղերու տարիքին հետ, բնակիչները կը խօսին նոյն Բարբառը:

Ղնէմիէ հայութիւնը երկու համայնքի կը պատկանին Առաքելական եւ Աւետարանական:

Նշանաւոր է գիւղի Ս.Գէորգ եկեղեցին, որ կառուցուած է  1875-ին իր բնակիչներուն կողմէ: Այս թուականը ըստ գիւղի ծերունիներուն նորագոյն թուական է: Եկեղեցին գոյութիւն ունեցած է մեր թուականէն երեք դար առաջ:

Եկեղեցին եւ շրջակայ տարածքը կը պատկանի Բերիոյ Հայոց թեմի Ազգային Առաջնորդարանին:

Նախքան Մարտ 2011  Սուրիոյ տագնապի սեւ գարունը ,այստէղ բանակումներ կը կատարուէին ՀՄԸՄ-ի կողմէ, կը նշուէր Ս.Աստուածածնայ վերափոխման տօնը:

2012-ին բռնագրաւուեցաւ գիւղը.թալանուեցան բնակարաներն ու եկեղեցիները եւ բռնի  պարպուեցաւ գիւղը իր բնակիչներէն:

Յունուար 2016-ին  Սուրիոյ Արաբական Բանակը ազատագրեց  Ղնէմիէ գիւղը: Ղնէմիէցիք   Պետական մարմիններուն հետ միասին վերադարձան գիւղ, աղօթքով մոմ  ու խունկ  վառեցին:

Շրջանը տակաւին պատերազմական գօտի է: Կը սպասեն յարմար ժամանակի ,որ նորոգեն եկեղեցին ու բնակարանները:

Ղնեմիէցի արուեստագէտ գեղագծագրիչ Պուլոս Սարգօ կ’ըսէ, երբ գիւղը ազատագրուեցաւ Սուրիական  արաբական բանակին կողմէ, ահաբեկիչներն ու թրքական գործակալները  պղծած էին եկեղեցին թալանած ու  կողոպտած,աւերած էին եկեղեցին եւ մօտակայ գերեզմանները:

Արուեստագէտ Պուլոս Սարգոյի աշակերտուհի  օր.Ռանիա Համէտ,  իւղաներկով կտաւի վրայ գծանկարած Է Ղնեմիէի եկեղեցին : Ցոյց տալու իր սէրն ու համակրանքը հայ ազգին հանդէպ:

Ռանիա Համէտ կ’ըսէ, պիտի վերականգնուի եկեղեցին եւ կեանքը պիտի վերադառնայ ՂՆԵՄԻԷին:








All the contents on this site are copyrighted ©.