2016-10-18 11:35:00

Հայր Յովսէփ Թ․Ծ․Վ․Պէզէզեան այցելեց Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Լէրոնիմոս Արքեպիսկոպոսը։


Երեքշաբթի 18 Հոկտեմբեր 2016ին, Յունաստանի հայ Կաթողիկէ  առաջնորդ՝  Հայր Յովսէփ Թ․Ծ․Վ․ Պէզէզեան այցելեց Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Լէրոնիմոս Արքեպիսկոպոսը։

Եկեղեցական եղբայրական մթնոլորտին մէջ կայացած հանդիպումի ընթացքին Արհ․ Լէրոնիմոս Արքեպիսկոպոսը ունկնդրեց ու տեղեկութիւններ խնդրեց Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ու համայնքի մասին Յունաստանի մէջ, եւ ուզեց նաեւ տեղեկութիւններ ունենալ Հայաստանի ու Սուրիոյ իրավիճակի  մասին։
Հայր Յովսէփ Թ․Ծ․Վ․ Պէզէզեանին ընկերացած էր թեմեկան Խորհրդատու մարմինին ներկայացուցիչ` Պր․ Յարութ Աճէմեան։

Այցելութեան աւարտին Հայ Կաթողիկէներու Առաջնորդը Լէրոնիմոս Արքեպիսկոպոսին նուիրեց Նահատակ Մալոյեանի գիրքը եւ այլ հայ նահատակներու մասին հատորներ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.