2016-10-18 10:31:00

Եւրոպայի Արեւելեան Եկեղեցիներու եպիսկոպոսներուն տարեկան հանդիպումը ՝ Ֆաթիմայի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Լիզպոնի Պատրիարք եւ Փորթուկալի եպիսկոպսաց համահաւաք դասի նախագահ՝  Կարդինալ Մանուէլ Քլեմենէթէի հրաւէրով,  Եւրոպայի Արեւելեան եկեղեցիներուն տարեկան ընդհանուր ժողովը այս տարի կը գումարուի Ֆաթիմայի սրբավայրին մէջ ուր` 2017-ին կը նշուի Տիրամօր յայտնութեան  100-րդ ամեակը։  Արեւելեան եկեղեցիներու եպիսկոպոսներուն տարեկան  հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը կը  բերեն  15 արեւելեան եկղեցիներ  ներկայացնող եպիսկոպոսներ եւ  Արեւմտեան Եւրոպայի ՝Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Փորթուկալի, Սպանիայի, Անգլիայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի անդամներ, որոնք միասնաբար պիտի քննարկեն յիշեալ երկիրներուն մէջ կաթողիկէ գաղթականներուն հովուական խնամակալութեան մարտահրաւէրները։  

Այս առնչութեամբ , Եւրոպայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի,  թէ Արեւլեան Եւրոպայի կարգ մը երկիրներու մէջ ամբողջատիրական եւ համայնավար կարգավիճակի փլուզումէն ետք  արեւելածէս անթիւ հաւատացեալներ հաստատուած են Արեւմտեան Եւրոպայի կարգ մը երկիներուն մէջ։ 20 տարի ետք, յարատեւ նոր գաղթականներու հոսքով,  տեղական լատինածէս եկեղեցիները եւս, որոնք Արեւմտեան եւրոպայի մէջ  հիւրընկալած էին  արեւելածէս հաւատացեալները , միասնաբար պիտի կը քննարկեն արեւլածէս հաւատացեալներուն մշակութային եւ եկեղեցական ինքնութեան պահպանմանվերաբերող նոր մարտահրաւէրները։

Ֆաթիմայի Արեւելեան եկեղեցինեու  եպիսկոպոսներու տարեկան  հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Արեւելեան Եկեղեիցիներու  ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրի, Եւրոպայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի  նորանշանակ նախագահ՝ Կարդինալ Անճելօ Պանիասքոն։

Հանդիպումը իր աւարտին կը հասնի 23 հոկտեմբերին, Սուրբ Երրորդութեան եկեղեցւոյ մէջ կայանալիք Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ եւ Ողորմութեան  Սուրբ Դուռէն անցքով ՝  զոր պիտի նախագահէ Քյիվ Հալիչ թեմի  աւագ Արքեպիսկոս՝  գերապայծառ Սվիաթոսլավ Չեւչուքին։  








All the contents on this site are copyrighted ©.