2016-10-18 11:52:00

Բարի Հովիւը որ Յիսուսին կը հետեւի երբեք չի դառնանար։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Բարի Հովիւը որ Յիսուսին կը հետեւի եւ ոչ թէ իշխանութեան, դրամին ու շահին նոյնիսկ եթէ լքուած ըլլայ բոլորէն իր մօտ ունի միշտ Տէրը'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը այսօր` երեքշաբթի 18 հոկտեմբերի  առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ։

Մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումները որոնք քաղուած էին Սուրբ Պօղոսի Տիմոթէոսի ուղղուած երկրորդ նամակէն, Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձ կատարեց առաքեալներու կեանքի վերջին հանգրուանին, երբ անոնք դժուարութեան մէջ փորձարկեցին առանձնութիւնը` մերկացած, լքուած ու հարստահարուած։

Այսպէս պատահեցաւ Պետրոսին, Սուրբ Պօղոսին ու Սուրբ Յովհաննէս Կարապետին որ երբ բանտի մէջ էր, իր աշակերտները ուղարկեց Յիսուսին անոր հարց տալու եթէ ինքն է Մեսիան, ու ապա գլխատուեցաւ պարուհիի մը ու շնացող կնոջ մը քմահաճոյքին համար - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ աւելցուց` ''այսպէս պատահեցաւ Սուրբ Մասսիմիլանօ Քոլպէին որ մեծ բաներ իրագործեց կեանքի ընթացքին­,  ապա զոհուեցաւ համակեդրոնացման ճամբարի մը մէջ''։

Առաքեալը երբ հաւատարիմ է` Յիսուսէն տարբեր այլ ուրիշ վախճան մը չ՛ակնկալեր, ու Տէրը անոր մօտ կը մնայ, մինակ չի լքեր զինք։ Այսպէս մեռաւ Պօղոսը։ Այս է Աւետարանի օրէնքը. եթէ մանանեխի հատիկը հողին մէջ չիյնայ ու չմեռնի անպտուղ կը մնայ։ Ապա կայ Յարութիւնը - ըսաւ Քահանայապետը ակնարկելով  առաջին դարերու աստուածաբանի մը որ  կ՛ըսէր թէ մարտիրոսներու արիւնը քրիստոնեաներու սերմ է։

''Մեռնիլ որպէս մարտիրոս, որպէս Յիսուսի վկայ, սերմ է որ կը մեռնի եւ պտուղ կու տայ ու երկիրը կը լեցնէ նոր քրիստոնեաներով'' հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը։

''Երբ Հովիւը իր կեանքը վատնեց զբաղելով ոչ թէ հաւատացեալներով այլ ուրիշ բաներով, ինչպէս իշխանութիւնը, դրամը ու շահերը, կեանքի վերջին հանգրուանին կը մնայ միայնակ եւ մի գուցէ անոր շուրջ կը հաւաքուին անոր թոռները, որպէսզի տեսնեն թէ ինչ պիտի ժառանգեն։

Նորին Սրբութիւնը քարոզը եզրափակեց անդրադարձ կատարելով այն ծերունի քահանաներուն որոնց հանդիպած է ծերանոցներու մէջ եւ որոնք` հակառակ իրենց կեանքի այդ հանգրուանին, տակաւին կը մտահոգուին եկեղեցիով ու հաւատացեալներով, մինչեւ վերջ, որովհետեւ իրենց կեանքը միշտ նուիրեցին ուրիշներու։

Բարի Հովիւը միշտ ունենալու է մէկ համոզում` թէ երբ կ՛ընթանայ Յիսուսի ճանապարհին վրայ, Տէրը միշտ անոր մօտիկ է, մինչեւ վերջ.

Աղօթենք այն հովիւներուն համար որոնք հասած են իրենց կեանքի մայրամուտին`որպէսզի Տէրը անոնց պարգեւէ ուժ, մխիթարութիւն ու այն համոզումը թէ ինք միշտ իրենց հետն է ու իրենց մօտիկ է - հրաւէր ուղղեց Սրբազան Պապը եզրափակելով իր քարոզը։   








All the contents on this site are copyrighted ©.