2016-10-17 13:05:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Սլովենիոյ նախագահը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 17 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10ին Ֆրանչիսկոս Պապ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Արկենթինայի Սանթա Ֆէ տէ լա Վերա Քրուզի Արքեպիսկոպոս` Գերապայծառ Խոզէ Մարիա Առանսետօ՝ Նախագահ Արկենթինայի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասին որուն կ՛ընկերանային եպիսկոպոսական դասին  յանձնաժողովի գործադիր մարմնի անդամ` Կարդինալ Մարիօ Աուրելիօ Փոլի՝ Արքեպիսկոպոս Պուէնոս Այրեսի, Գերապայծառ Անթոնիօ Քարնիելլօ՝ Արքեպիսկոպոս Սալթայի եւ Գերապայծառ Քարլոս Հումպերթօ Մալֆա՝ Եպիսկոպոս Չասկքոմուսի։

Ժամը 10։30, Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Սլովենիայի Հանրապետութեան Նախագահ Տիար Պորութ Փահորի ու անոր ընկերացող պատուիրակութեան, ինչպէս կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացնելով թէ Սլովենիոյ նախագահը ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար` գերապայծառ Փոլ Կալլակէր։

Սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին բացայայտուեցան երկկողմանի բարի ու դրական յարաբերութիւնները, մօտ օրէն նշուելիք Սուրբ Աթոռի եւ Սլովենիոյ հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական կապերու 25-րդ տարեդարձին ծիրէն ներս, ապա քննարկուեցան երկիրը յուզող հարցեր. ինչպէս նաեւ Կաթողիկէ Եկեղեցի - Պետական կառոյց յարաբերութիւնները ու այս ծիրէն ներս երկխօսութեան կարեւորութիւնը ու համագործակցութիւնը ի սպաս Սլովենիայի ընկերութեան բարիքին ու յատկապէս նոր սերունդի բարիքին ի խնդիր։

Ի վերջոյ ուշադրութեան նիւթ դարձաւ միջազգային իրավիճակը, յատուկօրէն   անդրադառնալով տարածաշրջանի իրավիճակին ու մարտահրաւէրներուն` զոր Եւրոպան կանչուած է դիմագրաւել։

Սլովենիայի նախագահին հետ ունեցած հանդիպումէն ետք, Սրբազան Հայրը հերթաբար ընդունեց`  Գերապայծառ Ալֆոնսօ Ռոճելիօ Տելկատօ Էվէրս՝ Արքեպիսկոպոս Սան Խուան տէ Քուճոյի (Արկենթինա) եւ ապա Գերապայծառ Տոմենիքօ Սիկալինի, Փալեսթրինայի Եպիսկոպոս (Իտալիա)։








All the contents on this site are copyrighted ©.