2016-10-17 09:12:00

ՀՀ Յունաստանի մէջ դեսպանը այցելեց Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարան։


(Ռատիօ Վատիկան) Անցեալ ուրբաթ` 14 Հոկտեմբեր 2016ի կէսօրին, Յունաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՛ Տիար․ Ֆադէյ Չարչօղլեան այցելեց Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանը ուր հանդիպում ունեցաւ Հայ կաթողիկէներու առաջնորդ` Գերյ. Յովսէփ Թ․Ծ․Վ․ Պէզէզեանի հետ, որ այս առթիւ յարգոյ հիւրին ներկայացուց թեմին իրավիճակը։

Այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ նախ եւ առաջ իրար հանդիպելու ապա  միասին զրուցելով պատրաստակամութիւն յայտնելու  համագործակցութեան` ի նպաստ ազգին ու ի փառս հայ եկեղեցւոյ։

Պաշտօնական սոյն այցելութեան առթիւ Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանի սեղանատան մէջ տեղի ունեցաւ եղբայրական ագապ ի պատիւ Յունաստանի մէջ Հ. Հ. նորանշանակ դեսպանին։








All the contents on this site are copyrighted ©.