2016-10-17 09:29:00

Հայր Ներսէս Զապարեան տօնախմբեց քահանայական ձեռնարդութեան 17-րդ ամեակը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 16 Հոկտեմբեր 2016-ին, Հ. Ներսէս վրդ. Զապարեան,  Քահանայական ձեռնադրութեան 17-րդ տարեդարձին առթիւ, Հալէպի Ս.Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատոյց սուրբ եւ անմահ պատարագի զոհը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բազմաթիւ հայ կաթողիկէ հաւատացեալներ եւ որուն աւարտին  եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ վարդապետին ձեռնադրութեան 17 ամեակի նուիրուած կարկանդակի բեկանում` ի ներկայութեան եկեղեցւոյ բոլոր յանձնախումբերուն:
Նշենք թէ հայր Ներսէս Զապարեան, Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքին կոնդակով վերջերս անուանուեցաւ Պաղտատի հայ կաթողիկէներու Պատրիարքական Կառավարիչ:
Մեր խորհին շնորհաւորութիւնները  քահանայական ձեռնադրութեան 17-րդ տարեդարձին առթիւ ու մեր պտղաբեր առաքելութեան լաւագոյն մաղթանքները Պաղտատի Թեմէն ներս ստանձնելիք նոր առաքելութեան համար։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.