2016-10-17 12:01:00

Կարդինալ Սանտրի այցելեց Յորդանանի Ւտալական հիւանդանոց։


(Ռատիօ Վատիկան)  կիրակի, 16 հոկտեմբերի առաւօտեան, Կարդինալ Սանտրի, ընկերակցութեամբ Յորդանանի Առաքելական Նուիրակին, անոր աշխատակիցներուն եւ Յորդանանի Քարիթասի տնօրէն Գերապայծառ Ռոպերթօ Քոնայի, այցելած է Ամմանի իտալական հիւանդանոցը։ Անոնք հանդիպած են հիւանդանոցի անձնակազմին եւ սուրիացի փախստականներու, որոնք կը խնամուին հիւանդանոցին մէջ։ Առաւօտեան այցելութեան երկրորդ փուլը եղած է Մարքայի եկեղեցին, ուր ժողովրդապետութեան լատինածէս Սուրբ Պատարագէն ետք, Կարդինալ Սանտրի մուտք գործած է, եւ գոհաբանական աղօթք բարձրացուցած է հաւատացեալներու ցուցաբերած քրիստոնէական վկայութեան եւ հիւրընկալութեան համար, որ կը մատուցուի իրաքցի գաղթականներու։ Աղօթքէն ետք Կարդինալը հանդիպած է գաղթականներու ընկալման վայրեր, եւ ապա վերադարձած դէպի ժողովրդապետական եկեղեցին, ուր քաղդէացի հաւատացեալներու հետ մատուցուած է կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագը։ Կարդինալը հաւատացեալներուն փոխանցած է Սրբազան Պապի քաջալերանքի խօսքերը եւ օրհնութիւնը։ Սուրբ Պատարագին ներկայ գտնուած է նաեւ Մոսուլի Կաթողիկէ Ասորիներու Արքեպիսկոպոս՝ Գերապայծառ Պութրոս Մոքէ։ Պատուիրակութիւնը ճաշած է «Ողորմածութեան Ճաշարանին» մէջ, որ աղքատներու եւ կարիքաւոր ընտանիքներու կերակուր կը հայթայթէ՝ մատակարարուած Քարիթասի աշխատակիցներու եւ քանի մը գաղթականներու կողմէ։ Կարդինալը այցելած է նաեւ ճաշարանի խոհանոցը եւ հանդիպած անձնակազմին հետ։ Կէսօրէն ետք, Կարդինալը այցելած է Մատանա, Յոյն-Մելքիթ ժողովրդապետութիւնը, ուր կառուցուած է մոզաիքի արհեստանոց մը՝ ղեկավարութեամբ իրաքցի գաղթականներու եւ Քարիթասի ու Ֆրանսայի հիւպատոսարանի համագործակցութեամբ եւ ներդրումով։ Կարդինալը գրեթէ մէկ ժամ խօսակցութիւն ունեցած է աշխատակիցներուն հետ եւ ունկնդրած անոնց մտահոգութիւններուն։ Երեկոյեան ժամը 6ին, Նեպո Լերան Սրբավայրին մէջ, Կարդինալ Սանտրի, իբր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապի ներկայացուցիչ, նախագահած է հայրապետական Սուրբ Պատարագին, որուն ընթացքին կատարուած է Սրբավայրի վերաբացումը եւ խորանի օծումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.