2016-10-17 11:12:00

Թուրք Իմամը կը պահպանէ Եոզկաթի մէջ Հայկական եկեղեցին:


Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Եոզկաթ նահանգի Սարըքայա շրջանի գիւղերէն մէկուն մէջ գտնուող հայկական եկեղեցւոյ մաքրութեան կը հետեւի տեղւոյն թուրք կրօնաւորներէն Մեթին Հալըճը:

Կը նշուի, որ մինչեւ 1960-ական թուականներ Սարըքայա շրջանին մէջ տակաւին գոյատեւած են շարք մը հայ ընտանիքներ, որոնք հետագային արտագաղթած են հիմնականին մէջ Արժանթին, Միացեալ Նահանգներ, Պոլիս եւ Թուրքիոյ արեւմուտքը գտնուող շարք մը քաղաքներ: Անոնց ժառանգորդները տարուան մէջ քանի մը անգամ կ՛այցելեն Սարըքայայի մէջ գտնուող պատմական հայկական եկեղեցին:

Եոզկաթ նահանգին եւ Արեւմտեան Հայաստանի շարք մը շրջաններուն մէջ մեծ տարածում ունի գանձի գողերու խնդիրը, որուն պատճառով տեղւոյն բնակչութեան ձեռքերով կ՛աւերուին եւ կ՛ոչնչացուին հայկական բազմաթիւ եկեղեցիներ ու գերեզմաններ:

Մինչդեռ Սարըքայայի իմամ Մեթին Հալըճը հակառակ այս ամէնուն որոշած է ոչ միայն չվնասել հայկական եկեղեցւոյ, այլ նաեւ լրջօրէն կը զբաղի անոր պահպանումով շարժելով տեղւոյն բնակչութեան ու թրքական լրատուամիջոցներուն զարմանքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.