2016-10-17 11:22:00

«Պահանջուածը հանրապետութեան ատակ նախագահ մըն է...» Ռայի Պատրիարք


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր ուղղած պատգամին մէջ շեշտեց, որ պահանջուածը հանրապետութեան ատակ նախագահ մըն է, որ կարենայ պատմական պատասխանատուութիւն ստանձնել, երկրին պետական հաստատութիւնները վերակառուցել` սահմանադրութեան եւ Ազգային ուխտին համաձայն:

«Նախագահ մը, որ կարենայ լայնածաւալ հաշտութիւններու նախաձեռնել եւ լիբանանեան պետութեան նկատմամբ վստահութիւնը վերահաստատել, ինչպէս նաեւ պահպանել Լիբանանի դիմագիծը եւ անոր վերադարձնել խաղաղ եւ առողջ յարաբերութիւնները` արաբական երկիրներուն եւ միջազգային ընտանիքին հետ` փոխադարձ յարգանքի եւ անկեղծութեան հիման վրայ», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը բարձր գնահատեց Լիբանանի բազմազանութիւնը եւ խաղաղութեան ու արդարութեան նկատմամբ անոր հաւատքը, ինչպէս նաեւ ապահովութիւն եւ կայունութիւն որոնելու անոր ջանքերը:

«Լիբանանցիները զզուեցան երկուքուկէս տարուան նախագահական աթոռի թափուր դրութենէն եւ կ՛ուզեն վերջ տալ մրցակցութեան, որ կը կատարուի երկրին եւ քաղաքացիին շահերուն հաշուոյն», շեշտեց Ռայի պատրիարքը:

Ան կոչ ուղղեց բոլոր երեսփոխաններուն կատարելու իրենց սահմանադրական պարտականութիւնը եւ 31 հոկտեմբերին ուղղուելու խորհրդարան` նախագահական ընտրութիւն կատարելու նպատակով:

«Կը մաղթենք, որ ներկայ քայլերը յանգին հանրապետութեան նախագահի անձին շուրջ համաձայնութեան», ընդգծեց Ռայի պատրիարքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.