2016-10-17 11:49:00

IDeA հիմնադրամը Սուրիահայերուն կը յատկացնէ 250 հազար տոլար


Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ (IDeA) հիմնադրամը կը յայտարարէ, թէ Սուրիահայերուն աջակցութեան արշաւի մը ձեռնարկած է:

«IDeA Հիմնադրամը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի, Սփիւռքի եւ աշխարհի բոլոր անհատներուն ու կազմակերպութիւններուն, որոնք գործօն կերպով սատարեցին հիմնադրամի կոչին։ Մենք կը գնահատենք անհատներու, հասարակական կազմակերպութիւններու, Պետութեան եւ Եկեղեցւոյ ջանքերը՝ սատարելու Սուրիոյ մեր հայրենակիցներուն, որոնք կ՚ապրին ռազմական հակամարտութեան պայմաններու մէջ», ըսուած է Հիմնադրամի հաղորդագրութեան մէջ, ուր նշուած է նաեւ՝ «կը յուսանք, որ Սուրիահայերուն աջակցութեան ուղղուած ազգային համախմբման գործընթացը կը շարունակէ թափ առնել եւ նպաստել հայկական համայնքի իրական իրավիճակի մասին հաւաստի տեղեկատւութեան տարածման»։

IDeA հիմնադրամը կը յայտարարէ, թէ միանալով համահայկական այս արշաւին ինք եւս կը յատկացնէ 250 հազար տոլար: Ան կը բաշխուի հակամարտութեան սկիզբէն օգնութեան ջանքեր ծաւալած ռազմավարական գործընկեր Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) եւ Հայաստանի մէջ Սուրիահայերուն ուղղուած ծրագրեր մշակող «Առաքելութիւն Հայաստան» բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան (Mission Armenia), «Հալէպ» բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան, «Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամին (Repat Armenia) միջեւ:
Նուիրատւութիւնը կը տրամադրուի ծրագրերու մշակման եւ իրագործման` հետեւեալ ուղղութիւններով.
- աջակցութիւն անոնց, որոնք կը շարունակեն մնալ Սուրիոյ մէջ (ՀԲԸՄ),
- աջակցութիւն անոնց, որոնք առժամաբար ապաստան կը փնտռեն Սուրիոյ սահմաններէն դուրս («Առաքելութիւն Հայաստան»),
- աջակցութիւն անոնց, որոնք որոշած են հաստատուիլ Հայաստան («Հալէպ»),
- աջակցութիւն Հայաստանի մէջ համարկուելու եւ աշխատանք գտնելու հարցերուն («Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամ):
 








All the contents on this site are copyrighted ©.