2016-10-16 10:31:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. Սուրբերը մարդիկ եւ կիներ են, որոնք կը թափանցեն աղօթքի խորհուրդին մինչեւ խորքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 16 հոկտեմբերին՝ առաւօտեան ժամը 10,10ին,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ նախագահեց  եօթը երանելիներու Սրբադասումի  Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը  որուն ընթացքին Սուրբ հռչակեց հետեւեալ  երանելիները Սալոմոնէ Լեքլերք, Ժուզեփփէ Սանչեզ Տել Ռիօ, Մանուէլ Կոնզալեզ Կարսիա, Լուտովիկօ Փաւոնի, Ալֆոնսօ Մարիա Ֆուսքօ, Ժուզէփփէ Կապրիելէ Տել Ռոզարիօ Պրոքերօ եւ Էլիզապեթթա Տելլա Սանթթիսսիմա Թրինիթա։

 

Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ.

 

Այսօրուան ծիսակատարութեան սկիզբը աղօթեցինք Աստուծոյ «Ստեղծէ մեր մէջ առատաձեռն եւ հաւատարիմ սիրտ մը, որպէսզի կարենանք միշտ ծառայել Քեզի՝ հաւատարմութեամբ եւ հոգիի մաքրութեամբ։» Մենք մեր ճիգերով ատակ չենք այդպիսի սիրտ մը կազմելու, միայն Աստուած կրնայ կատարել այդպիսի բան մը։ Ասոր համար աղօթքով կը խնդրենք, կը հայցենք Անկէ իբր պարգեւ, որպէս իր «արարածները»։ Այսպէսով կʼանցնինք աղօթքի նիւթին, որ այս Կիրակի օրուան աստուածաշնչական ընթերցուածներու կենդրոնն է, եւ նմանապէս մեզի կը հայի, որ հաւաքուած ենք այստեղ նոր սուրբերու հռչակման համար։ Անոնք հասան նպատակին, ունեցան առատաձեռն եւ հաւատարիմ սիրտ մը՝ շնորհիւ աղօթքի. անոնք աղօթեցին իրենց բոլոր ուժերով, պայքարեցան եւ յաղթանակեցին (Ելք ԺԷ. 8-13)։ Հետեւաբար պէտք է աղօթել Մովսէսի նման, որ Աստուծոյ մարդն էր, աղօթքի մարդն էր։ Այսօրուան ընթերցուածին մէջ կը կարդանք Յեսուի ճակատամարտի մասին, որ կը մղէր Ամաղէկի դէմ, ուր Մովսէս ոտքի վրայ եւ բազուկները բարձրացուցած կʼաղօթէր։ Սակայն բազուկները կը ծանրանային եւ վայր կ՛իյնային. այդ րոպէին հրեայ ժողովուրդը կը կորսնցնէր պայքարը։ Ահարոն, Մովսէսի եղբայրը եւ Ովր Մովսէսը կը նստեցնեն ժայռի մը վրայ եւ նեցուկ կʼըլլան անոր  թեւերուն՝ մինչեւ հրեաներու յաղթանակը։ Այս է հոգեւոր կեանքի կերպը, որ մեզմէ կը պահանջէ Եկեղեցին. ոչ թէ յաղթանակ տանելու համար պատերազմի մէջ, այլ տիրանալու խաղաղութեան։ Մովսէսի մասին պատմուած դէպքին մէջ կարեւոր պատգամ մը կայ։ Աղօթելու պարտականութիւնը կը պահանջէ իրարու նեցուկ կանգնիլ։ Յոգնութիւնը անխուսափելի է, երբեմն չենք կարողանար յառաջ ընթանալ, սակայն եղբայրներու օգնութեամբ մեր աղօթքը կրնայ յառաջ ընթանալ, մինչեւ որ Տէրը իր գործը հասցնէ աւարտին։ Սուրբ Պօղոս իր աշակերտին եւ գործակիցին՝ Տիմոթէոսի կը յանձնարարէ՝ որ կառչած մնայ այն բանին մէջ, որ սորված էր եւ որուն հաստատապէս կը հաւատար (հմմտ Բ. Տիմ Գ. 14)։ Նոյնպէս Տիմոթէոս չէր կրնար առանձին յաջողիլ։ Առանց աղօթքի չէ կարելի յարատեւութեան պայքարը յաղթանակով պսակել։ Սակայն ոչ ցանցառ եւ վարանոտ աղօթք մը, այլ կատարուած այնպէս ինչպէս Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ այսօրուան Աւետարանին մէջ՝ «միշտ աղօթել, առանց յոգնելու» (Ղուկ ԺԸ. 1)։ Այս է քրիստոնեայի գործելակերպը – ըլլալ հաստատուն աղօթքի մէջ, մնալու համար հաստատուն հաւատքի եւ վկայութեան մէջ։ Եւ սակայն մեր մէջ կը հնչէ ձայն մը՝ «Տէր, ի՞նչպէս կարելի է չյոգնիլ. մարդ արարած ենք. նոյնիսկ Մովսէս յոգնեցաւ։» Ճիշտ է, մեզմէ իւրաքանչիւրը կը յոգնի. սակայն առանձին չենք. մարմնի մը մաս կը կազմենք։ Յիսուսի Մարմնին, Եկեղեցւոյ անդամ ենք, որուն բազուկները գիշեր ու ցերեկ դէպի երկինք բարձրացած են՝ շնորհիւ յարուցեալ Քրիստոսի եւ անոր Սուրբ Հոգիին ներկայութեամբ։ Միայն եկեղեցւոյ մէջ եւ շնորհիւ Եկեղեցւոյ աղօթքին՝ մենք կրնանք մնալ հաստատուն՝ հաւատքի եւ վկայութեան մէջ։ Լսեցինք Յիսուսի խոստումը Աւետարանին մէջ. Աստուած արդարութիւն պիտի ընէ իր ընտրեալներուն, որոնք գիշեր ու ցերեկ կʼաղաղակեն Անոր (հմմտ Ղուկ ԺԸ. 17)։ Ահաւասիկ աղօթքի խորհուրդը՝ աղաղակել, չյոգնիլ, եւ, եթէ յոգնիս, օգնութիւն խնդրել բազուկները բարձր պահել կարենալու համար։ Այս է այն աղօթքը, որ Յիսուս մեզի յայտնեց եւ մեզի Սուրբ Հոգիին միջոցաւ պարգեւեց։ Աղօթել, չի նշանակեր ապաստանիլ իտէալական աշխարհի մը մէջ. չի նշանակեր փախուստ տալ անձնասիրական սխալ հանդարտութեան մէջ։ Ընդհակառակը, աղօթել կը նշանակէ պայքարիլ, եւ թոյլ տալ, որ նաեւ Սուրբ Հոգին մեր մէջ աղօթէ։ Եւ Սուրբ Հոգին, որ մեզի կը սորվեցնէ աղօթել, որ մեզ կʼառաջնորդէ աղօթքի մէջ, մեզի աղօթել կու տայ զաւակներու նման։ Սուրբերը մարդիկ եւ կիներ են, որոնք կը թափանցեն աղօթքի խորհուրդին մինչեւ խորքը։ Մարդիկ եւ կիներ, որոնք կը պայքարին աղօթքով, թոյլ տալով՝ որ Սուրբ Հոգին իրենց մէջ աղօթէ եւ պայքարի։ Անոնք կը պայքարին ամբողջ կարողութեամբ, բոլոր ուժերով, եւ կը յաղթանակեն՝ բայց ոչ առանձին. Տէրը կը յաղթանակէ անոնց մէջ եւ անոնց հետ։ Նաեւ այս եօթ վկաները, որոնք այսօր սուրբ կը հռչակուին, աղօթքո՛վ պայքարեցան հաւատքի եւ սիրոյ պատերազմը։ Ասոր համար մնացին հաստատուն հաւատքի մէջ՝ առատաձեռն եւ հաւատարիմ սրտով։ Անոնց տուած օրինակին համար եւ անոնց բարեխօսութեամբ՝ թո՛ղ Աստուած մե՛զ ալ վերածէ աղօթքի մարդոց եւ կիներու. աղաղակելու գիշեր ու ցերեկ, առանց յոգնելու. թոյլ տալու, որ Սուրբ Հոգին մեր մէջ աղօթէ. եւ աղօթելու՝ իրարու նեցուկ կանգնելով՝ որպէսզի կարենանք բազուկները բարձր պահել՝ մինչեւ յաղթանակէ աստուածային ողորմածութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.