2016-10-15 12:00:00

Քահանայապետական երեք մայր տաճարներու սուրբ դռներու փակման առաքելական պատուիրակներ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, շաբաթ` 15 հոկտեմբեր 2016-ին, ի տես յառաջիկայ Նոյեմբեր ամսուայ ընթացքին նշուելիք Ողորմութեան արտակարգ սուրբ տարուայ եզրափակիչ արարողութեան եւ այս առթիւ Պազիլիքաներու ու եկեղեցիներու Սուրբ Դռներու փակման հանդիսութիւններուն, Հռոմի Քահանայապետական երեք պազիլիքաներու սուրբ դռներու փակման արարողութիւնները հանդիսապետերու համար անուանեց երեք առաքելական պատուիրակներ յանձինս այդ պազիլիքաներու պատասխանատու աւագ երէցներուն։

Յայտնենք թէ երեք պազիլիքաներու սուրբ դռներու փակման արարողութիւնները նախատեսուած են յառաջիկայ  նոյեմբեր ամսուայ երկրորդ կիրակին` 13 նոյեմբեր 2016-ին մինչ Յոբելենական Սուրբ տարուայ փակումը մեծ հանդիսութեամբ կը կատարուի 20 նոյեմբեր 2016-ին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորած հանդիսաւոր սուրբ պատարագի արարողութեամբ։

Երեք պազիլիքաներու սուրբ դռներու փակման արարողութիւնը գլխաւորելու համար   Նորին Սրբութիւնը` Հռոմի թեմի տեղակալ արքեպիսկոպոս Կարդինալ Ակոսթինօ Վալլինին անուանեց առաքելական պատուի արկ` փակելու համար Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքայի Սուրբ դուռը, Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքայի Աւագերէց` Կարդինալ Սանթոս Ապրիլ ի Քասթիլլոն անուանեց առաքելական պատուիրակ` գլխաւորելու համար Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքայի սուրբ դռան փակման արարողութիւնը ապա Սուրբ Պօղոսի անուան պազիլիքայի Աւագերէց` Կարդինալ Ժէյմս Միքայել Հարվէյը անուանեց առաքելական պատուիրակ փակելու համար նշեալ պազիլիքայի սուրբ դուռը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.