2016-10-15 10:44:00

Կիրակի 16 Հոկտեմբեր 2016, 6-րդ կիրակի Սուրբ Խաչին


Չկայ մարգարէ որ ընդունուի իր քաղաքին մէջ (Ղուկաս 4, 14-24)

Յիսուս կը վերադառնայ Նազարէթ, որ ժամանակին փոքր գիւղ մըն էր Գալիլիոյ մէջ. Հոն էր որ Յիսուս անցուցած էր իր մանկութիւնը, պատանեկութիւնն ու երիտասարդութիւնը, մինչեւ երեսուն տարիքը։ Թէեւ հոն որեւէ հրաշք չէր գործած, ոչ ալ քարոզած էր, սակայն իր համբաւը արդէն հասած էր այդտեղ եւ անշուշտ իր գիւղի բնակիչները կը պարծենային իրմով։

Ահա կը վերադառնայ իրենց ազգակիցներուն եւ կ՛այցելէ իր խոնարհ գիւղը. Առաջին գործը կ՛ըլլայ մտնել ժողովարան, այն աղօթատեղին զոր յաճախած էր ամէն շաբաթ օրերը եւ իր պաշտամունքը կատարած. Հոն է որ առաջին անգամուայ համար կատարած էր իր Պար Միցվան, 12 տարեկանին` բոլորին առջեւ կարդալով սուրբ Գրքի մէկ հատուածը։ Ահա այսօր եւս բեմ կը բարձրանայ եւ կը կարդայ Սուրբ Գրքէն Եսայիի մարգարէաշունչ խօսքերը. Աստուծոյ Հոգին վրաս է, զիս ղրկեց սփոփելու տկարները, բուժելու հիւանդները եւ քարոզելու Աստուծոյ խօսքը…։

Եւ Յիսուս կ՛աւելցնէ. Այսօր կատարուեցաւ այս խօսքը։ Այսինքն Յիսուս ինքն է որ ուղարկուած է Հօրմէն, մարգարէին 700 տարի առաջ ըսած խօսքերն իրականացնելու։ Այո, ինք նոյն գիւղին զաւակն է, ատաղձագործ Յովսէփի որդին, սակայն իր մէջ կայ ուժ մը որ գեր ի վեր կը դասէ զինք մարդկային բոլոր էակներէն։

Նազարէթի բնակիչներուն պարծանքն ու հիացումը յանկարծ կը փոխուի արհամարհանքի. Ասիկա մեր ճանչցած Յիսուսը չէ՞ արդեօք, այն որ իր հօր` Յովսէփի հետ կ՛աշխատէր նորոգելու մեր սեղանները, դռներն ու պատուհանները։ Ո՞վ կը կարծէ արդեօք ինքզինք։ Ընդհանրապէս նախանձը կը մղէ մարդիկ այսպիսի դրսեւորումներու, անձերու հանդէպ զոր կը ճանչնան եւ որ կը կարծեն թէ չեն կրնար իրենց մակարդակէն աւելի բարձր ըլլալ, որովհետեւ իրենց բոլոր գերդաստանը լաւ գիտեն։

Յիսուսի խօսքը ճիշդ տեղին կու գայ. Չկայ մարգարէ որ ընդունուած ըլլայ իր քայաքին մէջ։ Մեր կեանքին մէջ յաճախ կը հանդիպինք այսպիսի անհաճոյ վերաբերմունքի, այն անձերուն կողմէ զոր կը ճանչնանք, որոնք մեզի ազգական են կամ բարեկամ երկար տարիներէ ի վեր. Անոնք չեն կարող հասկնալ թէ Աստուծոյ շնորհքը, անոր Հոգին կրնան մեծ ազդեցոութիւն գործել եւ հիմնովին բարեփոխել անձ մը, զայն դարձնելով կարեւոր անձնաւորութիւն մը։

Մեզի ծանօթ անձի մը բարձրացումը պաշտօնի մէջ եւ կամ ունեցած մեծամեծ յաջողութիւնները պէտք չէ մեր մէջ արթնցնեն չար նախանձը, որ կը կրծէ մեր սիրտը եւ կարող է մեզ առաջնորդել չարիքի։ Ընդհակառակը` ան մեր մէջ արթնցնելու է բարի նախանձը, որով փափաքը կը զգանք անոր նման մենք եւս յառաջանալու եւ պատիւներու արժանանալու։

Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ իրեն հետեւելու, որպէսզի իրեն նման ըլլանք։ Անշուշտ աստուածներ չէ որ պիտի ըլլանք, այլ` կատարեալ անձեր, սրբութեան, բարութեան եւ շնորհքի մէջ։ Նազարէթցիները կը նկատեն որ Յիսուսի բերնէն կ՛ելլեն շնորհքով օծուն խօսքեր. Ամէն մարդու ջանքը պէտք է ըլլայ ճառագայթելու իր շուրջը շնորհալի խօսքերով, ինչպէս նաեւ բարեսիրական գործերով։ Միշտ պատրաստ ըլլալու ենք ներելու, իրարու հետ հաշտուելու, ինչպէս նաեւ սէր ու հաշտութիւն սփռելու մեր շուրջը։

Կրնանք ասոր համար հալածուիլ, ծաղրուիլ, արհամարհուիլ. Յիշենք Յիսուսի խօըքը. Մարգարէն ընդունուած չէ իր իսկ հայրենակիցներէն եւ նոյնիսկ իր ընտանիքէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան








All the contents on this site are copyrighted ©.