2016-10-14 12:03:00

Ֆրանսայի ծերակոյտը ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը։


Ֆրանսայի Ծերակոյտը Հոկտեմբեր 14-­ին կայացած քննարկման եւ քուէարկութեան արդիւնքով ընդունեց Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը: Օրինագծին կողմ քուէարկած է 156, դէմ` 146 պատգամաւոր: Այս մասին «Արմենփրես»-­ին տեղեկացուցած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան:

«Ասիկա բաւական լուրջ յաջողութիւն է, զգալի աշխատանք կատարուած է մեր կողմէ: Չմոռնանք, որ թուրքերը լուրջ լոպպինգ կատարեցին, բայց Ծերակոյտը կողմ քուէարկեց այն տարբերակին, որ քուէարկուած էր ամրան Ազգային ժողովին մէջ: Ատիկա կը նշանակէ, որ Ֆրանսայի խորհրդարանը վերջնական ընդունեց Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նախագիծը»,- ըսած է­ Մուրատ Փափազեան:

Անոր խօսքով, հաւանաբար թուրքեր կը գտնեն 60 պատգամաւոր, որոնք կ’աջակցին եւ հարցը կը ներկայացուի Սահմանադրական դատարան: Ատիկա կը նշանակէ, որ այնտեղ եւս կը քննարկուի:

Ֆրանսայի խորհրդարանի ստորին պալատի` Ազգային ժողովի պատգամաւորները, Յուլիսին միաձայն կողմ են քուէարկած են «Հաւասարութիւն եւ քաղաքացիութիւն» կոչուող օրինագիծի փոփոխութիւններուն, որով պատիժ կը սահմանուի մարդկութեան դէմ գործած բոլոր յանցագործութիւններուն, որոնց մէջ` Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու եւ հերքելու համար: Եղան պատգամաւորներ, որոնք կը կարծէին, որ ընդհանուր օրէնքէն պէտք է բեկանուի Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու մասին դրոյթը, սակայն հայկական համայնքը աշխատանք տարաւ, եւ հասաւ անոր, որ Ծերակոյտի քննարկման ներկայացուի նաեւ այն տարբերակը, որ ամրան ընդունուած էր Ստորին պալատին կողմէ: Այն է` Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող դրոյթը ներառուած:








All the contents on this site are copyrighted ©.