2016-10-14 10:37:00

Վաւերացուեցաւ Անթոնիօ Կութիերեսի ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի նշանակումը:


ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը երէկ վաւերացուց Փորթուգալի նախկին վարչապետ Անթոնիօ Կութիերեսի ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին նշանակումը:

Ան իր պաշտօնը կը ստանձնէ դեկտեմբերին:

ՄԱԿ-ի ներկայ ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն մեկնաբանելով քուէարկութեան արդիւնքը յայտնեց. «Կութիերես միջազգային կազմակերպութեան աշխատանքին մէջ բաւարար փորձառութիւն ունի»:

Ան նախապէս ողջունած էր Կութիերեսի թեկնածութեան որդեգրումը` նշելով. «Իբրեւ Փորթուգալի վարչապետ անոր փորձառութիւնը, միջազգային հարցերու լայն ծանօթութիւնը եւ մեծ հեռատեսութիւնը պիտի օգնեն դժուար ժամանակաշրջանի մը մէջ ՄԱԿ-ը ղեկավարելուն»:

«Կութիերեսը լաւ կը ճանչնամ եւ անոր ընտրութիւնը հոյակապ քայլ մը կը նկատեմ», աւելցուցած էր Քի Մուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.