2016-10-14 10:01:00

Ռուսիա եւ Ամերիկա Սուրիոյ հարցով պիտի խորհրդակցին Լոզանի մէջ


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 15ին, Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն գլխաւորութեամբ, Լօզանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Սուրիոյ տագնապին նուիրուած միջազգային հաւաք մը։ Հանդիպման պիտի մասնակցին շրջանի պետութիւններէն արտաքին գործոց նախարարներ։

Աւելի ուշ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատեց այս լուրը՝ աւելցնելով, որ նոյն հարցով միջազգային այլ հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 16ին, Լոնտոնի մէջ, ուր Սուրիոյ տագնապին լուծում մը գտնելու կողքին պիտի քննուին նաեւ մարդասիրական օժանդակութիւններու վերաբերեալ հարցեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.