2016-10-14 13:20:00

Հայր Արթուրօ Սոզա ընտրուեցաւ Յիսուսեան միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 14 Հոկտեմբեր 2016-ին Յիսուսեաններու Միաբանութեան ընդհանուր 36-րդ ժողովի 212 անդամները Վենեզուելլացի Հայր Արթուրօ Սոզան ընտրեցին որպէս Միաբանութեան ընդհանուր նոր մեծաւոր։ Ան կը յաջորդէ 80 ամեայ Հայր Ատոլֆօ Նիքոլասին որ տարիքի բերումով ներկայացուցած էր իր հրաժարականը։

Միաբանութեան ընդհանուր ժողովները սկիզբ առած էին անցեալ 2 հոկտեմբեր 2016-ին։

Հայր Արթուրօ Սոզա ծնած է 1948-ին Քարաքասի մէջ։ Յիսուսեան Միաբանութեան անդամակցած է 1966-ին ու քահանայ ձեռնադրուած 1977-ին։ Ան եղած է ընդհանուր մեծաւորի խորհրդատու ինչպէս նաեւ Յիսուսեան Միաբանութեան` Հռոմի տուներու ու գործունէութիւններու տեղակալ։

Հայր Արթուրօ Սոզա ընտրուեցաւ ըստ Յիսուսեան Միաբանութեան Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլայի կողմէ սահմանուած կանոնագիրքին, որուն մէջ նշուած է թէ ընդհանուր մեծաւորը ըլլալու է ''անձ մը` որ ''կարող է կառավարել նախ եւ առաջ իր օրինակով'', ապա ''խոր հոգեւորութեամբ անձ, բարեկամ Աստուծոյ աղօթքի, մարդկային յարաբերութեան ու ներգործութիւններու մէջ'', հուսկ ''սրտով ազատ որպէսզի կարող ըլլայ միաբանութիւնը առաջնորդել խոնարհ, արդար ու արի սիրով''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.