2016-10-14 09:51:00

Եօթը հազար ծերունիներ Քահանայապետին մօտ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 15 հոկտեմբեր 2016-ին Վատիկան կը ժամանեն 7 հազար ծերունիներ հանդիպում ունենալու համար Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ անոր շնորհակալութիւն յայտնելու համար այն յատուկ ուշադրութեան որ վերապահած է միշտ տարեցներուն ու ծերունիներուն հաստատելով թէ ''տարեցները եւս ընկերութեան  կարեւոր մասնիկ մըն են ու կարեւոր դեր մը ունին խաղալիք''։

Վերոնշեալ այս հանդիպումը կազմակերպուած է ''Տարեցներու ազգային միութեան'' շարժումի կողմէ, 2016-ի մեծ հայրերու եւ մեծ մայրերու տօնին առթիւ նախաձեռնուած ձեռնարկներու որպէս եզրափակում։

Վերոնշեալ կազմակերպութեան պատասխանատուներէն մին այս առթիւ հաստատած է թէ Վատիկան կը ժամանեն նաեւ ''վերահաստատելու իրենց կամքն ու յանձնառումը իրենց գործունեայ սատարը տալու ընկերութեան կառուցումին որ հիմնուած ըլլայ զօրակցութեան ու հանդիպումի մշակոյթի վրայ, որուն ի սպաս գործեն բոլոր սերունդները միասնաբար, ամէն մին իր կարողութեան համաձայն''։

Սրբազան Քահանայապետին հետ հանդիպումէն առաջ  Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ նախատեսուած է գեղարուեստականն ներկայացում ու տարեցներու վկայութիւններ։

''Տարեցները ուրիշ բան չեն խնդրեր եթէ ոչ սիրուիլ որովհետեւ իրենց սիրտը երբեք չի դադարիր սիրելէ''' հաստատած է միշտ կազմակերպիչ պատասխանատուներէն մին։

Ֆրանչիսկոս Պապին հետ հանդիպումին առթիւ Տարեցներու ազգային դաշնակցութիւնը Մայր Թերեզայի Քորերուն պիտի նուիրէ աղքատներուն համար ուտեստեղէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.