2016-10-13 12:09:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 13 հոկտեմբերի քարոզը ՝՝Աստուած մեզմէ իւրաքանչիւրը ընտրեց՝ իբր անհատ,եւ ոչ իբր զանգուած։՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, հինգշաբթի, 13 հոկտեմբերի քարոզին մէջ խօսեցաւ Հօր Աստուծոյ մասին՝ որ մեզի միշտ բարիք կամեցող հայրն  է, որ մեզ ընտրեց, մեզ օրհնեց եւ մեզի անուն մը տուաւ։ Ան ընտրեց մեզմէ իւրաքանչիւրը՝ իբր անհատ, եւ ոչ իբր զանգուած։ Անդրադառնալով Պօղոս Առաքեալի Եփեսացիներու ուղղած նամակի ընթերցուածին, Սրբազան Հայրը՝ Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին, շեշտեց՝ որ քրիստոնեան ընտրեալ մըն է՝ Հօր Աստուծոյ կողմէ։ Պօղոս Առաքեալ Եփեսացիներու նամակին մէջ կը գրէ՝ “Օրհնեալ է Աստուած եւ Հայրը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի, որ մեզ օրհնեց ամէն տեսակ հոգեւոր օրհնութիւններով ի Քրիստոս՝ երկնքի մէջ։ Աշխարհի հաստատութենէն առաջ Աստուած մեզ ընտրեց Քրիստոսի միջոցաւ, որպէս զի ըլլանք իր առջեւ սուրբ եւ անարատ՝ սիրով։ Նախասահմանեց մեզ իր որդեգրութեան՝ Յիսուս Քրիստոսով … մեզ երջանկացուց իր սիրելի Որդիին միջոցաւ։ Քրիստոս տուաւ մեզի փրկութիւնը իր արիւնով եւ մեղքերու թողութիւնը՝ առատութեամբ իր շնորհքին, զոր Աստուած շռայլեց մեզի, ամենայն իմաստութեամբ եւ գիտութեամբ” (Եփես Ա. 1-8)։

“Մենք բոլորս, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, ներում գտած ենք Քրիստոսի արեան գինով։ Տէրը ներեց ինծի իմ մեղքերս։ Ասոր համար օրհնուած եմ, քրիստոնեայ եմ։” Արդ՝ առաքեալի խօսքերուն առաջին հատուածը կը պատգամէ՝ թէ Աստուած զիս ընտրեց, աշխարհի հաստատութենէն առաջ, ինծի անուն մը տուաւ, եւ զիս սիրեց։ Երկրորդ հատուածը կ’աւետէ՝ Աստուած ինծի ներում շնորհեց։

Սրբազան Պապը նկատեց, թէ քրիստոնեան երբեք կանգ չ’առներ, ան միշտ պէտք է յառաջ ընթանայ, միշտ ընթացքի մէջ մնայ։ Քրիստոնեան, որ կանգ առած է, կը նմանի այն մարդուն, որ ստացած էր տաղանդ մը, եւ զայն կորսնցնելու վախէն, կամ իր տիրոջ վախէն, եւ կամ հանգստաւէտութիւնը կորսնցնելու վախէն տարուած՝ թաղած էր տաղանդը եւ հանգիստ կեանք մը կը վարէր, առանց յառաջ ընթանալու։ Քրիստոնեան միշտ ճանապարհի վրայ է, միշտ բարիք գործելով, միշտ յառաջ ընթանալով։








All the contents on this site are copyrighted ©.