2016-10-13 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Լուտերական եկեղեցւոյ ուխտագնացութեան մասնակցող հաւատացեալներուն հետ


(Ռատիօ Վատիկան)  Հինգշաբթի, 13 հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 9,00ին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ յաջորդաբար ընդունեց ՕԹԱՆ-ին ընդհանուր քարտուղար Տիար Ենս Սթոլթընպերկը, Սուրբ Աթոռի Կղերականներու Ժողովին կառավարիչ Կարդինալ Պենիամինօ Սթելլան, ժամը 11,00-ին ընդունեց կրօնաւորական հաստատութիւններու ժողովի կառավարիչը՝ Կարդինալ Ժաուօ Պարզ Տէ Ավիչ ,  ապա հրաժարականը ներկայացնելու առիթով  Սուրբ Աթոռի մօտ Լիբանանի հիւպատոս Վսեմաշուք Տիար Ժորժ Ալ Խուրին։ 

Ժամը 11,45-ին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Լուտերական եկեղեցւոյ ուխտագնացութեան մասնակցող աւելի քան 1000 հաւատացեալները, ու անոնց ուղղեց ճառ մը, որուն մէջ իր խնդակցութիւնը յայտնեց Լուտերական եկեղեցւոյ համամիութենական բնոյթ ունեցող ուխտագնացութեան համար, որ սկիզբ առաւ Լուտերի ծննդավայրէն՝ Գերմանիայէն եւ վերջ կը գտնէ Հռոմի Եպիսկոպոսի Աթոռանիստ թեմին մէջ։

Սրբազան Հայրը Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնեց Լուտերականներու ու Կաթողիկէներու՝ պայքարէն դէպի հաղորդութեան ուղիին վրայ ընթանալուն համար եւ այս առումով ըսաւ ՝՝ համամիութեան ուղեւորութեան ամբողջ երկայնքին, կը զգանք իրար հակազդող զգացումներ՝ ցաւ բաժանումին համար, որ տակաւին կը գոյատեւէ մեր մէջ, ուրախութիւն՝ վերագտնուած եղբայրութեան համար, որուն նշան է այս հազարաւոր ուխտաւորներուն ներկայութիւնը՝ Սուրբ Պետրոսին Աթոռանիստ թեմին մէջ։

Սրբազան Հայրը ապա յիշեց Սուրբ Պօղոսին  Կորնթացիներուն  ուղղած խօսքերը  ՝՝Ինչպէս որ մարմինը մէկ է , թէպէտ բազմաթիւ անդամներ ունի եւ մարմնին բազմաթիւ անդամները մէկ մարմին կը կազմեն, այնպէս նաեւ Քրիստոս։  Եթէ մարմինի մէկ անդամը ցաւի, բոլոր բոլոր անդամները կը մասնակցին ցաւի։ (Ա  թուղթ Կորնթ 12,12-26)

՝՝Կրնանք յոյսով շարունակել համամիութեան  մեր ուղին, որովհետեւ քաջ գիտակից ենք ՝ մեզ բաժանող անթիւ բաց հարցերէն զատ՝ մեր միասնականութեան.  Ինչ որ մեզ կը միացնէ աւելի է՝ քան ինչ որ մեզ կը բաժանէ։՝՝ ըսաւ Սրբազան Հայրը ու յայտնեց, թէ հոկտեմբեր ամսոյն վերջաւորութեան Շուէտ պիտի ժամանէ , ուր Լուտերական համաշխարհային պատուիրակութեան հետ միասին պիտի յիշատակեն 5 րդ դարադարձը Լուտերական վերանորոգեալ եկեղեցւոյ եւ միասնաբար Աստուծոյ գոհութիւն պիտի յայտնեն  Կաթողիկէներու եւ Լուտերականներու միջեւ գոյատեւող 50 տարիներու երկխօսութեան։ Սրբազան Հայր նկատել տուաւ, որ յիշեալ յիշատակի հանդիսութիւններու էական մասը պիտի հանդիսանայ երկու եկեղեցիներուն հայեացքներու սեւերումը դէպի ապագայ , ժամանակակից աշխարհին քրիստոնէական հասարակաց վկայութեան հեռանկարով, որ շատ ծարաւն ունի Աստուծոյ եւ Անոր ողորմածութեան ։

Սրբազան հայրը նաեւ նշեց, թէ աշխարհը մեզմէ կը սպասէ,  Աստուծոյ՝ մեզի հանդէպ ունեցած ողորմածութիւնը տեսանելի դարձնելու վկայութիւնը, աղքատներուն ծառայութեամբ, հիւանդներուն եւ  անոնց որոնք լքած են իրենց բնակարանները՝ փնտռելու համար աւելի լաւ ապագայ թէ իրենց համար եւ թէ  իրենց սիրելիներուն համար։

 Աւելի կարիքաւորներուն միասնական  ծառայութեան մէջ կը փորձարկենք միութիւնը , որ է Աստուծոյ մեզ միացնող ողորմածութիւնը՝՝ ըսաւ Սրբազան Հայրը ու

Ճառին աւարտին  քաջալերանքի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն­ դառնալու Ողորմածութեան վկաները, իսկ Աստուաբանները քաջալերեց յառաջ տանելու երկխօսութիւնը՝  վարդապետական ծիրէն ներս, ապա ներկայ գտնուող հաւատացեալները քաջալերեց ըսելով ՝՝անդադար շարունակեցէք առիթներ փնտռել՝ միասին կարենալ հանդիպելու համար , իրարու աւելի լաւ ծանօթանալու համար,  միասնաբար աղօթելու եւ իրարու օժանդակութիւն ընծայելու ։

Ազատ ամէն նախապաշարումներէն եւ լոկ Յիսուս Քրիստոսի Աւետարտարնին յուսադրութեամբ՝ որ կ՝աւետէ խաղաղութիւն եւ ներդաշնակութիւն, պիտի դառնանք այս ուղեւորութեան՝ նոր եղանակի մը իսկական դերակատարները, որ Աստուծոյ օգնութեամբ պիտի առաջնորդէ լիակատար հաղորդութեան,՝՝ ըսաւ Սրբազան Հայրը իր խօսքին աւարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.