2016-10-13 10:34:00

Վանի Աղթամար կղզիի այցելուները միայն սակաւաթիւ հայեր են:


Վերջին երկու տարին Թուրքիոյ մէջ տեղի ուենցող զինուած բախումներու եւ ահաբեկչական յաճախակի գործողութիւններու հետեւանքով երկրին մէջ մեծապէս տուժած է յատկապէս զբօսաշրջութեան ոլորտը:

Այս բացասական ազդեցութենէն անմասն չէ մնացած նաեւ Վանի նահանգը եւ մասնաւորապէս Գեւաշ շրջանը, որու տարածքին մէջ կը գտնուի Վանայ լիճի Աղթամար կղզին: Շրջանին մէջ գործունէութիւն ծաւալող «Աղթամար» ճաշարանին սեփականատէր Իպրահիմ Ալքանը պատմած է, որ մինչեւ 2015 թուականի զինուած բախումները կղզիի տարածք կ՛այցելէին մեծ թիւով օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներ:

«Առաջ հոս կու գային գերմանացի, ֆրանսացի, իտալացի, սպանացի եւ յատկապէս ճափոնցի զբօսաշրջիկներէ կազմուած բազմաթիւ խումբեր: Բայց ցաւօք, Յուլիսէն ետք Եւրոպայէն կամ Հեռաւոր Արեւելքէն ոչ մէկ զբօսաշրջիկ այս կողմերը եկած է: Միայն հայեր կան, այն ալ` շատ քիչ թիւով: Զբօսաշրջիկներու թիւը չի հասնիր անցեալ տարուայ նոյնիսկ մէկ տոկոսին», – նշած է Ալքանը:

Ալքանը անդրադարձած է նաեւ Աղթամարի հայկական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցող պատարագին, որ յայտնի դէպքերու պատճառով 2015-ին եւ 2016-ին չեղեալ յայտարարուած է: Ան նշած է, որ տարին մէկ անգամ իրականացուող այդ պատարագը կարեւոր դրական նշանակութիւն ունէր տեղի տնտեսութեան համար:

Ճաշարանին սեփականատէրը ընդգծած է, որ պատարագի օրը սովորաբար կղզի կ՛այցէր շուրջ 7-8.000 զբօսաշրջիկ: Մինչդեռ ահաբեկչական գործողութիւններու պատճառով շրջանը ներկայիս գրեթէ այցելուներ չունի:

Իսկ Վանի մէջ նաւակներով ու նաւերով զբօսաշրջիկներու տեղափոխումը ապահովող ընկերութեան տնօրէն Մեսութ Աւջըն  նշած է, որ այս տարի զբօսաշրջային եղանակի բացումէն ետք կղզի այցելած է ընդամէնը 100 զբօսաշրջիկ: Անոնք ալ, ըստ էութեան, զբօսաշրջային ընկերութիւններու սեփականատէրեր են, որոնք եկած էին տարածքը ուսումնասիրելու եւ հնարաւոր ծրագիրներ մշակելու: Սակայն այդ գործարարները չեն համարձակած գործունէութիւն ծաւալելու այստեղ:

Աւջըն եւս նշած է, որ Աղթամարի հայկական եկեղեցւոյ մէջ իրականացուող պատարագը տնտեսական տեսակէտէ շատ լաւ  հնարաւորութիւն էր տեղի գործարարներու համար: Ան ընդգծած է, որ պատարագի օրերուն իրենք նոյնիսկ չէին հասցներ սպասարկել զբօսաշրջիկներուն, քանի որ անոնց թիւը չափազանց մեծ էր:

«Պատարագի աւարտէն ետք ալ այստեղ լեփ-լեցուն էր: Քանի որ մարդիկ կը հետաքրքրուէին, կ՛ուզէին տեսնել: Իսկ հիմա ոչ ոք կայ: Ոչ միայն զբօսաշրջութեան տեսակէտէ, այլեւ ժողովուրդի հանգստութեան համար կը ցանկամ, որ այս դէպքերը աւարտին: Պաշտօնեաներուն ուղղուած միակ կոչս այն է, որ խաղաղութիւն ըլլայ», -ըսած է ան:

Գեւաշի քաղաքապետ Սինան Հաքանն ալ նշած է, որ Գեւաշն ու յատկապէս Աղթամար կղզին Վանի զբօսաշրջայի կեդրոնը կը հանդիսանար: «Վան եկող իւրաքանչիւր 100 տեղացի եւ օտարերկրացի զբօսաշրջիկներէն  99-ը այստեղ կու գար Աղթամարի համար», -պատմած է Հաքանը:








All the contents on this site are copyrighted ©.