2016-10-13 10:42:00

Սուրիոյ մեր պատմական գաղութին պահպանումը մեզի համար հրամայական Է. Արամ Ա


«Մենք առաջին իսկ օրը այս տագնապին խորհրդակցաբար Սուրիոյ մեր պատասխանատուներուն հետ հաւաքական կեցուածք մը կամ քաղաքականութիւն մը որդեգրեցինք, թէ մենք սուրիացի ժողովուրդին հետ ենք, վարչակարգերը կու գան ու կ’երթան, մնայուն չեն, մնայունը ժողովուրդն է, իր հայրենիքով, իր իրաւունքներով, իր ինքնորոշմամբ, եւ մենք ըսինք, որ միշտ երախտապարտ կը մնանք սուրիացի ժողովուրդին, որովհետեւ ջարդերէն ետք Տէր Զօր երբ հասանք, այս ժողովուրդը, իսլամ թէ քրիստոնեայ, մեզ ընդունեց իր երկրէն ներս, երախտապարտ ենք եւ այդպէս ալ պիտի մնանք»:  «Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ՝ նշած է  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը Գանատայի «Հորիզոն» պարբերականին հետ զրոյցին ընթացքին:

Անդրադառնալով համայնքի պահպանման՝ Արամ Առաջին նշած է. «Մենք ամէն գնով սուրիական մեր համայնքը պիտի պահենք, պիտի վերականգնենք, որովհետեւ Սուրիոյ մէջ մեր ներկայութիւնը ամէն իմաստով, Միջին Արեւելքէն ներս մեր ներկայութեան իմաստով, որպէս հայրենամերձ գաղութ, Հայաստանի հզօրացման շրջագիծէն ներս, հայութիւն-իսլամութիւն կամ հայութիւն-արաբական աշխարհ յարաբերութեան ծիրէն ներս, Հայ Դատի շրջագիծէն ներս, ամէն իմաստով, Սուրիոյ մեր պատմական գաղութին պահպանումը մեզի համար հրամայական է:

Այս բոլորին դիմաց, դժբախտաբար, երբեմն կացութիւններ կը ստեղծուին եւ ստեղծուեցան, եւ այդ կացութիւններուն դիմաց երբեմն կրնայ ըլլալ, որ մեր սկզբունքային մօտեցումները քիչ մը խախտին կամ վերատեսութեան ենթարկուին: Հակառակ այս բոլորին՝ մենք կառչած կը մնանք Սուրիոյ մեր գաղութին վերականգնումի աշխատանքներուն: Ճիշդ է, մենք դժուարութիւններ ունեցանք, այսօր փաստօրէն Հալէպի հայութեան մէկ կարեւոր բաժինը հեռացած է Հալէպէն, մէկ մասը Քեսապ է, մէկ մասը Լաթաքիա, նոր գաղութ մը սկսած է կազմաւորուիլ արդէն Թարթուսի մէջ, ոմանք Լիբանան են, ոմանք Հայաստան, ոմանք ալ Հայաստանի կամ Լիբանանի ճամբով եկած են Գանատա: Ինչպէս ըսինք, երբեմն մարդկային տուեալներ, անմիջական կացութիւններ, ընտանիքներուն կապուած դժուարութիւններ շատ աւելի զօրեղ կ’ըլլան, ճնշիչ կ’ըլլան, քան թէ մեր սկզբունքները: Ես կը հասկնամ այս մէկը, ես ոչ մէկ ձեւով կ’այպանեմ կամ կը քննադատեմ հեռացողները, սակայն այդ չի նշանակեր, որ մենք մեր գաղութը պիտի քանդենք, ընդհակառակը, ամէն գնով Սուրիոյ մեր գաղութը պիտի պահենք, պիտի պաշտպանենք, պիտի վերականգնենք:

 Նոյնը պատահեցաւ Լիբանանի դէպքերուն ընթացքին, ոմանք հեռացան Լիբանանէն, սակայն այսօր Լիբանանի գաղութը կայ, մենք հեռացողներով մտահոգ ենք, կը զգանք իրենց դժուարութիւնները, սակայն միաժամանակ մնացողներով հպարտ ենք, մենք յանձնառու ենք Սուրիոյ գաղութը վերակազմաւորելու աշխատանքին»:








All the contents on this site are copyrighted ©.